Հունգարիան եւրոպացիներուն առաջարկած է հեռանալ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու ճամբէն եւ չխանգարել ռուս-ուքրանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը,  յայտարարեր է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոն։

Ան նշեր է որ Հունգարիան «ամէնավճռական կերպով կը մերժէ Պրիւքսէլի կողմէ եւրոպայի քաղաքացիներու դրամական միջողներու օգտագործումը պատերազմի հետագայ ֆինանսաւորման համար։ 

Նախօրէին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտարարած էր որ Պրիւքսէլը արդէն սկսած է քննարկել Քիեւին տրամադրուող օգնութեան չափը Ուաշինկթընի կողմէ աջակցութեան դադրեցումէն ետք։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ