Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Թրամփին պիտի առաջարկէ 30,000 եւրոպացի զինուոր ղրկել Ուքրանիա, վերահսկելու հնարաւոր զինադադարը, կը յայտնէ The Telegraph:

Թերթին համաձայն, Սթարմըր նաեւ պիտի առաջարկէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամերիկեան կործանիչներու եւ հրթիռներու տեղակայում, Ռուսիոյ կողմէ պայմաններու խախտման պարագային։

«Անվտանգութեան ուժեր» ստեղծելու գաղափարը քննարկուեր է Փարիզի արտակարգ վեհաժողովին, սակայն ԵՄ որոշ երկիրներ՝ Գերմանիա, Լեհաստան եւ Սպանիա, դէմ եղած են իրենց զօրքերը Ուքրանիա ղրկելու գաղափարին։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ