
Ռուս-ուքրանական պատերազմին վերջ տալու Ուաշինկթընի ջանքերու ծիրէն ներս, ԱՄՆի նախագահի յատուկ բանագնաց Քիտ Քելոկ ժամաներ է Քիեւ, կը հաղորդէ Kyiv Independent-ը։
Ամերիկացի պաշտօնեան յայտներ է որ իր առաքելութիւնը հիմնականին մէջ Ուքրանիոյ մտահոգութիւնները «լսել» եւ իր բացայայտումները Սպիտակ տան փոխանցելն է:
Ան նաեւ նշած է թէ իր այցը լաւ բանակցութիւններ ունենալու հնարաւորութիւն է»։
Կը նախատեսուի որ Քելոկ հանդիպումներ ունենայ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսկիի, պաշտպանութեան նախարար Ռուստէմ Ումերովի, եւ բանակի գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանտր Սիրսքիի հետ։







Մեկնաբանէ