Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա, Գենթագի եւ Արեւմտեան Վիրճինիա նահանգներուն մէջ յորդառատ անձրեւները խլեր են առնուազն 14 մարդու կեանք, կը հաղորդէ CNN-ը։

Արեւմտեան Վիրճինիայի նահանգապետ Փաթրիք Մորիսին յայտարարած է որ կան անհետ կորածներ։

Գենթագիի երկու բազմաբնակարան շէնքերէն աւելի քան 200 մարդ տարհանուած են ուղղաթիռով եւ նաւակով։

Անձրեւներու պատճառով ելեկտրականութիւնը անջատուեր է նշեալ նահանգներու որոշ շրջաններու մէջ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ