
Ծանօթ ․
Հետագայ գրութիւնը, ի բաց առեալ կարգ մը ոճական եւ կառուցուածքային փոփոխութիւններէ, ունի աւելի քան երկու տարուան հնութիւն։ Փոխուած է նաեւ հասցէատէրը․ այն ժամանակ, անիկա ուղղուեցաւ ՀՅԴ շրջանային ղեկավար մարմինի մը նոյն նպատակով․ ներկայացնել առաջարկութիւններ՝ ՀՅԴ վերակազմակերպման խնդիրներու շուրջ։
ՀՅԴ գործունէութիւնը, ըստ ձեւի եւ բովանդակութեան, կարիքը ունի լուրջ վերանայումի, դառնալու համար աւելի ազդու դերակատար մը Հայ պետական տան ու համաշխարհային հայութեան կեանքին մէջ, կուսակցութեան ծրագրային նպատակներու սպասարկման շրջագիծին մէջ:
Կուսակցութեան ծրագրային՝ ընկերվար-ժողովրդավարութեան իտէալի հետապնդման ծիրին մէջ, Դաշնակցութիւնը պէտք է հիմնաւորէ ու յստակացնէ որպէս քաղաքական դերակատար իր ընկերվար-ժողովրդավար գործունէութեան ձեւն ու բովանդակութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որ կը հանդիսանայ Հայ պետական տան ներկայ դրութիւնը:
Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ այլ ճանապարհ չունի, քան ընկերվար-ժողովրդավար գործի նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելը եւ քաղաքական ոլորտին մէջ բացառապէս գործելը այդ գաղափարախօսութեան՝ Ծրագիրով նկարագրուած սկզբունքներուն համաձայն։ Այլ խօսքով, Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-էն ակնկալուածը արդիական ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական ուղեգիծ մըն է, որ կը համապատասխանէ երկրի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններուն։ Կուսակցութիւնը պէտք է ձեւակերպէ տնտեսական անհաւասարութեան, աշխատաւորական իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան հարցերու վերաբերեալ յստակ քաղաքականութիւն։
Ծրագրային նպատակներու հետապնդումի պարունակին մէջ, անհրաժեշտ է կուսակցութեան արմատական վերակազմակերպումը Հայաստանի մէջ։ Կազմակերպական հիմնական առաջադրանքներէն մէկը, օրինակ, զայն մասսայական կուսակցութեան վերածելն է։ ՀՅԴ պէտք է իր մէջ կարենայ ներգրաւել Հայաստանի մէջ ընկերվար-ժողովրդավար հոսանքին յարող անհատներն ու խումբերը, դառնայ միաւորող ուժը: Այն, ի վերջոյ, կրնայ գործել Հայաստանի Ընկերվարական կուսակցութիւն անունով։
Նոյնպէս ծրագրի ընկերվար-ժողովրդավարական դրոյթներու կենսագործման ուղղուած գործունէութեան ծիրին մէջ, Դաշնակցութիւնը պարտի ընդլայնել իր շարքերը աշխարհի ամբողջ տարածքին, ներգրաւելով տարբեր երկիրներու հայկական միջավայրերուն մէջ ընկերվար-ժողովրդավարութեան յարող անհատներ եւ խումբեր եւ գործել ընկերվար-ժողովրդավարական իտէալի հետապնդման ուղղութեամբ, տարբեր հարթութիւններու վրայ․ այդպիսով է որ ան առաւելաբար կրնայ գործել Հայաստանի մէջ կուսակցութեան ընկերվար-ժողովրդավար ծրագիրին ի նպաստ:
Առ այդ, ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով ղեկավար մարմինները կրնան նախաձեռնել տարբեր ձեւաչափերով համակուսակցական քննարկումներ, ուսումնասիրութիւններ եւ անոնց օժանդակող տարբեր ձեռնարկներ, նաեւ ոչ-կուսակցական մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ուղղուած՝ Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին ՀՅԴ գործունէութեան նորացուած սահմանումներուն։ Այդ բոլորը պէտք է նպատակադրեն յանգիլ դաշնակցական գործի յստակ նախագիծերու, ուղղուած՝ կուսակցութեան ծրագիրը լաւագոյնս իրացնելու նպատակին, կանոնագրային արմատական փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ։
Այս նպատակին կրնայ ծառայել պայմանականօրէն կոչուած «ՀՅԴ Ընկերվար-ժողովրդավար նախագիծ» մը, որ ձգտի հանդիսանալ Դաշնակցութեան համաշխարհային կառոյցի գաղափարական միասնութեան եւ միասնական գործի ծրագիր` կազմակերպական ապակեդրոնացման եւ մարմիններու միջեւ առաւելագոյն դաշնակցային յարաբերութիւններու հաստատման պայմաններուն մէջ:
Ծրագրային երկրորդ՝ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան դրոյթներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ պարտի ընդառաջ երթալ այն պահանջներուն, որոնք այդ ուղղութիւններուն վրայ գործունէութիւնը կը դարձնեն աւելի արդիւնաւէտ եւ նպատակասլաց․ այդ կրնայ ըլլալ գլխաւորաբար համայն հայութեան ուժերու կազմակերպման մէջ առաջնային դերակատարութիւն ստանձնելու ճանապարհով: Պայմանականօրէն կոչուած «ՀՅԴ Հայ դատի նախագիծ» մը կրնայ ուղեցյոց մը ըլլալ կազմակերպութեան համար, ստեղծելու համար Ցեղասպանութեան զոհերու իրաւայաջորդներու, արեւմտահայ մշակոյթը կրողներու, սփիւռքահայ համայնքներու, տարատեսակ կազմակերպութիւններու եւ մտաւորականութեան միաւորումներ, որոնք կը դառնան կազմակերպուած միջավայրեր յատկապէս Հայկական ցեղասպանութեան, Հայ դատին ու պահանջատիրութեան վերաբերեալ ՀՅԴ ծրագրային դրոյթները լաւագոյնս իրացնելուն համար, նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր տինամիզմ մը յառաջ մղելու հեռանկարով:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ կանոնագիրը կարիքը ունի արմատական բարեփոխութիւններու, որպէսզի ապահովուի
• կուսակցական ժողովրդավարութեան զարգացումը,
• կառավարման կեդրոնաձիգ դրութեան վերացումը,
• կուսակցական մարմիններու եւ ժողովներու միջեւ հորիզոնական կապերու ընդլայնումը,
• կուսակցութեան անդամներու՝ ազատ խօսքի ու կարծիքի իրաւունքի ամրագրումը,
• կիներու դերակատարութեան երաշխաւորումը,
• կուսակցական մամուլի դերի եւ անկախութեան մակարդակի բարձրացումը,
• համակիր շրջանակներու ընդլայնումը,
• անդամագրութեան բազամազանացումը եւ
• կազմակերպական առաւելագոյնս ապակեդրոնացեալ դրութեան հաստատումը՝ զարգացած ցանցային մոտէլով,
գաղափարական ու քաղաքական կեդրոնացման պայմաներուն մէջ: Այս բոլորին կ՛օգնէ կազմակերպական նոր կանոններու փորձարկումը որոշ շրջաններու մէջ՝ նախքան համապարփակ որդեգրումը։
ՀՅԴ զոյգ նախագիծերու կազմութեան համար կարելի է դիտարկել ստեղծումը երկու յատուկ յանձնաժողովներու, կազմուած կուսակցական եւ կուսակցութեան ծրագիրին յարող անդամներէ: Նոյնպէս, կարելի է դիտարկել ստեղծումը առանձին յանձնաժողովի մը, որ զբաղի նոր կանոնագիրի մշակումով, այս ոլորտներուն մէջ բարձրագոյն գիտելիք եւ փորձ ունեցող անհատներու մասնակցութեամբ: Պատրաստական այս գործերուն համար օգտակար կրնայ դառնալ հաղորդակցութեան հարթակի մը հիմնադրումը՝ ուր կուսակցական անդամները ազատօրէն կրնան արտայայտել իրենց տեսակէտները առաջադրուած խնդիրներուն մասին։ Ընդհանրապէս, այս գործերու յաջողութեան համար կարեւոր են յետադարձ կապի համակարգերը. անհրաժեշտ են յարատեւ վերանայման եւ յարմարեցման մեխանիզմներ՝ հիմնուած անդամներու կարծիքներուն եւ անկախ գնահատումներու վրայ։ Անհրաժեշտ պէտք է համարուի նշել յստակ ժամանակահատուած մը բարեփոխումներու իրագործման համար (օրինակ՝ 12-24 ամիս)։
ՀՅԴ-ն կանգնած է վճռորոշ պահու մը դիմաց, որուն կարգախօսը վերանորոգուիլն է։ Կառուցուածքային բարեփոխումներու որդեգրումով եւ գաղափարական վերաթարմացումով, կուսակցութիւնը կրնայ արդիականանալ՝ պահպանելով իր հիմնական սկզբունքները։ Առաջադրանքը միայն ՀՅԴ-ի ներքին գործունէութիւնը վերակենդանացնելը չէ, այլեւ վերականգնելը անոր դերակատարութիւնը հայկական քաղաքական եւ ազգային կեանքին մէջ։
ՀՅԴ գործունէութեան մէջ
• Վերադարձը՝ Ծրագիրին,
• Ծրագիրի գործադրութիւնը առաջնայնացնելը,
• Կանոնագիրը ընկերվար-ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն համաձայն թարմացնելը,
• «Դաշնակցութիւն» (federation) գաղափարին ու հասկացութեան իրացումը հայ քաղաքական եւ հանրային կեանքին մէջ, նաեւ այլ ազգի գաղափարակից ուժերու եւ անհատներու հետ գործակցութեամբ եւ
• Այս բոլորը յստակ նախագիծերով յառաջ տանիլը
կը համարեմ ուղին` կուսակցութիւնը դնելու իր անցեալի լաւագոյն աւանդոյթներուն, ներկայի պահանջներուն եւ ապագայի մարտահրաւէրներուն համապատասխանող քաղաքական գործի հունին մէջ:
Վարդան Թաշճեան
Լիբանան







Մեկնաբանէ