
Իսրայէլ կրնայ վերսկսիլ պատերազմը Կազայի մէջ, եթէ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը մինչեւ Շաբաթ կէսօր ազատ չարձակէ պատանդներուն, յայտներ է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու։ Ան նշեր է որ ներկայիս բանակը ուժեր կը կուտակէ Կազայի սահմաններուն երկայնքով:
«Համաձայնագիրը խախտելու եւ մեր պատանդներուն ազատ չարձակելու ՀԱՄԱՍ-ի յայտարարութենէն ետք, երէկ երեկոյեան ես հրամայեցի Իսրայէլի բանակին ուժեր կեդրոնացնել Կազայի շրջակայքը », – աւելցուցեր է Իսրայէլի վարչապետը։







Մեկնաբանէ