Ռուսիա պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորմանը, բայց նաեւ կ՛ողջունէ կողմերու անկախ քայլերը, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տիմիթրի Պեսկովը։

Անդրադառնալով Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութեան, թէ քիչ հաւանական է Ռուսիոյ միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղության շուրջ բանակցութիւններուն, Պեսկովը նշեր է որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի անկախ ջանքերը՝ առանց միջնորդներու բանակցութիւններ վարելու  ուղղութեամբ։

Ան ընդգծեր է Մոսկուայի համար կարեւոր է որ Հարաւային Կովկասը իսկապէս դառնայ բարգաւաճ եւ համագործակցութեան տարածաշրջան։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ