
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Արթիւր Մարտիրոսեան ներկայ եղած է հնդկական եւ համաշխարհային ֆիլմարուեստի աստղ ՌաՃ Քափուրի 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հնդկական ֆիլմերու փառատօնի բացման, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհաք։
Ողջունելով ներկաներուն եւ կարեւորելով Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ բազմակողմ համագործակցութիւնը, Արթիւր Մարտիրոսեանը նշած է որ Հայաստանի մէջ հնդկական ֆիլմերու փառատօնները արդէն դարձած են բարի աւանդութիւն։







Մեկնաբանէ