
Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ փետրուարի 6-ին կը շարունակուի Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի շինծու դատավարութիւնը։ Ատրպէճանական աղբիւրներ կը յայտնեն որ նիստը կը վարէ դատաւոր Զէյնալ Աղաեւ եւ որու ընթացքին կը «պարզաբանուին» Վարդանեանի իրաւունքները։
Ատրպէյճանը ապօրինի կերպով ձերբակալած եւ շինծու մեղադրանքներ առաջադրած է Արցախի պետական այրերու դէմ, որոնք գերեվարուած էին 2023ին, սեպտեմբերեան պատերազմէն ետք։
Ռուբեն Վարդանեանի նկատմամբ շինծու քրէական գործը առանձնացուած է միւսներու գործէն։ Դատաքննութիւնը անցկացուած է առանձին։







Մեկնաբանէ