Մոսկուայի հայկական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է նկարիչ եւ արուեստի տեսաբան Վարդգէս Սուրէնեանցին նուիրուած դասախօսութիւն։

Բանախօսը նկարիչներու միութեան անդամ  Անտրէյ Նովոժիլով, անդրադարձած է գեղանկարիչի ստեղծագործական առանձնայատկութիւններուն։

«Ան հմտօրէն կրցած է համատեղել աւանդականն ու նորարարականը՝ տեսողական տարբեր արտայայտչամիջոցներով ստանալով  ինքնատիպ եւ հրապուրիչ պատկերներ»,- նշած է բանախօսը:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուած են նկարիչի ստեղծած աշխատանքները, որոնց կ՛ուղեկցուէին տարբեր հարցերու շուրջ քննարկումներ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ