
Տաւուշի Առաքելոց վանական համալիրը եւ բնակատեղին ընդգրկուեր են Եւրոպայի 14 ամէնէն վտանգուած ժառանգութեան վայրերու կարճ ցանկին վրայ։
2013-էն ի վեր իրականացուող ծրագիրը միտուած է Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան։
Տաւուշի անտառներում թաքնուած, Աճարկուտ գիւղէն երկու քմ. դէպի արեւմուտք, Կիրանց գետի երկայնքով, Առաքելոց վանական համալիրը միջնադարեան կրօնական եւ աշխարհիկ ժառանգութեան բացառիկ գոհարներէն է։ 13րդ դարուն եղած է մշակութային եւ տնտեսական կարեւոր կեդրոն։Մեկուսի դիրքը եւ հայ-ատրպէճանական սահմանին հարեւանութիւնը կ՛ընդգծեն համալիրի ոչ միայն պատմական, այլեւ աշխարհաքաղաքական նշանակությունը։







Մեկնաբանէ