
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս լուսաբանութիւն խնդրած է Ֆրանսայի դեսպան Լորէնս Օուէրէն Թուրքիոյ Meteor հրթիռներու վաճառքի լուրերոն գծով։
Տենտիասը վարչապետ Քիրիաքոս Միցոտաքիսի եւ արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Կերապերտիտիսի հետ քննարկումներէ ետք, հանդիպած է Ֆրանսայի դեսպանին հետ, որմէ խնդրած է պաշտօնական բացատրութիւն Թուրքիոյ Meteor հրթիռներու վաճառքի մասին լուրերուն։
Նախօրէին թրքական Milliyet թերթը գրած էր, որ Թուրքիա փափաքած է գնել Meteor՝ «Աթէնքի հետ հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու համար»։







Մեկնաբանէ