
Սերպիոյ վարչապետ Միլոշ Վուչեւիչ յայտարարած է թէ ներկացացուցած է իր հրաժարականը, երկրին մէջ ծաւալուած զանգուածային բողոքի ցոյցերուն եւ հանրային ճնշման հետեւանքով։
Բողոքի ցոյցերը սկիզբ առած էին անցեալ Նոյեմբերին։ Յունուար 24-ին տեղի ունեցաւ ընդհանուր գործադուլ, իսկ Յունուարի 26-ին Պելկրատի բնակիչները պատուհաններէն զանազան իրերով սկսած են թակել կաթսաները՝ ի նշան բողոքի։
Յունուարի 27-ին ցուցարարները արգելափակած են Պելկրատի երթեւեկութեան մեծագույն հանգույցը՝ Աւտոքոմանտան։
Բողոքի ցոյցերուն կը մասնակցին ընկերային տարբեր խաւեր։







Մեկնաբանէ