
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան հնարաւոր համարած է որ Ռուսիոյ սահմանապահները դուրս գան հայ-թրքական եւ հայ-իրանական սահմաններէն։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական փաստաթուղթով նախատեսուած դրոյթին, Յովհաննիսեան նշած է թէ ԱՄՆ-էն մաքսային եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով մասնագիտական խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան, աշխատելու հայ գործընկերներու հետ սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։







Մեկնաբանէ