
Երեւանի մէջ ընթացող Հիւսիսային Եւրոպա-Պալթեան երկիրներ խորհրդարաններու նախագահներու եւ փոխնախագահների մասնակցութեամբ քննարկումներու ընթացքին, Ֆինլանտայի խորհրդարանի նախագահ Եուսսի Հալլա-Ահո պատասխանելով բանախօսներուն ուղղուած հարցումին, թէ հնարաւո՞ր է աւելի գործնական ճնշումներ գործադրել Ատրպէյճանի վրայ, պատասխաներ է. «Հայաստանի դէմ հաւանական պատերազմի սպառնալիքը չէզոքացնելու լաւագոյն ճանապարհը զայն աւելի զօրաւոր դարձնելն է»։
Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու գծով, ան ըսած է. «Եթէ կ՛ուզէք ազդեցութիւն ունենալ մէկուն կամ անոր որոշումներուն վրայ, պէտք է յարգէք անոր, անկախ թէ ան արժանի է յարգանքի, թէ ոչ»:







Մեկնաբանէ