Կազայի հիւսիսային շրջանի բնակիչ պաղեստինցիները, որոնք պատերազմի ընթացքին հեռանած էին իրենց բնակարաններէն, պիտի սկսին վերադառնալ իրենց տուները, Յունուար 25-էն սկսեալ, զինադադարի համաձայնագիրին համաձայն։ 

ՀԱՄԱՍ շարժումը նշած է որ Կազայի հիւսիս վերադառնալու համար կրնան օգտագործուիլ փոխադրամիջոցներ, սակայն ատոնք պէտք է ստուգուին նախքան հարաւէն դուրս գալը։

Նոյն օրը ՀԱՄԱՍը պէտք է ազատ արձակի եւս չորս կին պատանդ։ Անոնց անունները իսրայէլեան կողմին պիտի փոխանցուի Յունուարի 24ին։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ