
15 ամիս տեւող պատերազմէ ետք, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գոյացած զինադուլի համաձայնութիւնը ի զօրու դարձաւ։ Շուրջ երկու ամիս առաջ, Հըզպալլահի եւ Իսրայէլի միջեւ եւս գոյացած էր նմանօրինակ զինադուլ մը։
Ով շահեցաւ եւ ինչ շահեցաւ այս պատերազմէն (ներէն)։
Այս զինադուլը ՀԱՄԱՍի կողմէ նկատուեցաւ յաղթանակ։ Նոյն ձեւով Հըզպալլահ եւ իր համախոհները (բացի որոշ ողջամիտներէ), Նոյեմբեր 28ի զինադուլը յաղթանակ յայտարարեցին;
Հըզպալլահի զինեալները քաշուեցան Լիթանի գետէն դէպի հիւսիս։ Այսինքն այլեւս ճակատումի հնարաւորութիւն չունին իսրայէլեան բանակին հետ։ Բայց մինչ այդ, Իսրայէլ հիմնայատակ կործանեց Լիթանիի հարաւը գտնուող բոլոր գիւղերը, միաժամանակ աննախընթաց աւերածութիւններ պատճառեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, Պեքաայի բազմաթիւ գիւղերուն եւ տարբեր բնակավայրերուն։ Զինուորական գետնի վրայ, PAGER-ներու պայթումով, հազարաւոր մարտիկներու շարքէ հանեց (մահացած, վիրաւոր, հաշմանդամ), գլխատեց Հըզպալլահի զինուորական բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, մինչեւ Նասրալլահը։ Հըզպալլահի զինական պահեստները մեծ մասամբ թիրախ դարձան իսրայէլեան օդուժին եւ ոչնչացան։ Քաղաքականապէս, Հըզպալլահ Լիբանանեան կեանքին մէջ այնքան մը խեղճացած է որ ընդունեց այն քաղաքական դասաւորումները, որոնք անընդունելի կը համարէր Հոկտեմբեր 7 2023էն առաջ։
ՀԱՄԱՍի հետ կնքուած համաձայնագիրին համաձայն, 21 օրերու ընթացքին, ՀԱՄԱՍի անդամները իրենց ընտանեկան պարագաներու հետ (թիւով շուրջ 20 հազար) պիտի անցնին Եգիպտոս։ Այսինքն, ՀԱՄԱՍ եւս ուղղակի ճակատ պիտի չունենայ Իսրայէլի հետ։ Իսկ Կազայի վիճակը նկարագրելի չէ։ Տարածքին 90 առ հարիւրը հիմնովին քանդուած է։ Այնտեղ չկան կեանքի գոյատեւման նուազագոյն պայմանները։ Ոչ տուն, ոչ աշխատավայր, ոչ դպրոց, ոչ հիւանդանոց, ոչինչ։ Ըստ արաբական աղբիւրի մը, տեղւոյն բնակչութեան 75 առ հարիւրը պատրաստ է գաղթել։ Զոհերու թի՞ւը։ Ցարդ յայտարարուած է մօտաւորապէս 50 հազար զոհերու մասին։ Կազայի բնակիչ պաղեստինցի բժիշկ մը յայտնած է թէ երբ փլատակները սկսին վերցնել, պիտի տեսնենք որ զոհերուն թիւ քանի մը անգամ աւելի է քան ինչ որ կը յայտարարուի։
Այս բոլորէն ետք հարցումը։ Ի՞նչ յաղթանակի մասին կը յայտարարեն ՀԱՄԱՍն ու Հըզպալլահը։
Իսկ եթէ աւելի մեծ պատկերը դիտենք, ի՞նչ կը տեսնենք։
7 Հոկտեմբերին, երբ Աքսայի Փոթորիկը գործողութիւնը սկսաւ, թէ Իրանը եւ թէ Հըզպալլահը յայտարարեցին թէ գործողութիւնը իրենց հետ համակարգուած չէր։ Եթէ փորձենք յիշել առաջին օրերու մեկնաբանութիւնները, ապա անոնք մատնացոյց ըրին Ռուսիան, որպէս այս գործողութիւնը հրահրող, ԱՄՆի դէմ երկրորդ ճակատ մը բանալով, Ուքրանիոյ ճակատին վրայ իր բեռը թեթեւցնէ։ Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։
Հըզպալլահի տկարացումով, իսկ Ուքրանիոյ ճակատին վրայ Ռուսիոյ տկարացումով, Սուրիոյ վարչակարգին զոյգ յենարանները չէզոքացան, որուն հետեւանքով Ասատի վարչակարգը 10 օրուայ մէջ փուլ եկաւ։ Իրանը դուրս մնաց Սուրիայէն, իսկ Լիբանանի մէջ այլեւս գործօն չէ նախկինին նման։ Սուրիան ամբողջութեամբ անցաւ ԱՄՆ-ի տիրապետութեան տակ (Թուրքիան եւ Իսրայէլը ԱՄՆի փրոքոիներն են). Լիբանան եւս մեծաւ մասամբ անցաւ արեւմտեան հսկողութեան տակ։ Իսկ Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու գոյութիւնը ժամանակի խնդիր է։ Իսկ պաղեստինեան դա՞տը։ Այսօր ո՞վ կը խօսի այդ մասին։
Ռուսերը, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ իրենց ապահովութեան համար զոհեցին պաղեստինցիներուն, ինչպէս 2020ին եւ 2023ին Ուքրանիոյ մէջ իրենց յետոյքը ծածկելու համար զոհած էին Արցախը։
Կեղծ յաղթանակները յաղթանակներու չեն առաջնորդեր, այլ նորանոր պարտութիւններու։ Վեհանձնօրէն ընդունիլ պարտութիւնը, դասեր քաղել անկէ եւ պատրաստուիլ յաջորդ պատերազմին, յաղթելու համար։ Այս է պատերազմներուն պատգամը։
Գէորգ Թորոյեան
Ֆէյսպուքեան Գրառում







Մեկնաբանէ