ԱՄՆի հարաւային նահանգներուն մէջ ցուրտ եղանակի պատճառով զոհերուն թիւը հասեր է 10-ի, կը հաղորդէ The New York Times-ը:

Մահուան դէպքեր արձանագրուած են Թեքսաս, Ալապամա եւ Ճորճիա նահանգներուն մէջ։

ԱՄՆ-ի օդերեւութաբանական ծառայութիւնները յորդորած են ինքնաշարժներու վարորդներուն, չօգտագործել անձնական փոխադրամիջոցները եւ տանը մնալ։ ճ

Հիւսթընի երկու օդանաւակայաններու բոլոր թռիչքները չեղեալ համարուեր են։ Լուիզինիայի, Միսիսիփիի եւ Ալապամայի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուեր է։

Ծայրայեղ եղանակային պայմանները պիտի շարունակուին քանի մը օր եւս։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ