
Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, Յունուար 22-էն Փետրուարի մէկ, տեղի պիտի ունենայ «Ֆաժըր» թատերական միջազգային 43րդ փառատօնը, որ Իրանի մէջ անցկացուող արուեստի ամէնակարեւոր միջազգային միջոցառումներէն է։
Փառատօնին պիտի մասնակցի Վանաձորի Յովհաննէս Աբէլեանի անուան պետական տրամաթիկական թատրոնը, որ պիտի ներկայացնէ Կարինէ Խոդիկեանի «Մէկ Ժամ Յիշողութիւն»ը, բեմադրութեամբ Վահէ Շահվերդեանի։







Մեկնաբանէ