
Գերմանիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող զօրավարժարանէն ներս մեկնարկած են «Համատեղ վճռականութիւն XXI» (Combined Resolve XXI) միջազգային զօրավարժութիւնները, որոնք կը կազմակերպեն Եւրոպայի մէջ ԱՄՆ-ի ցամաքային զօրքերը, յայտներ է Լիտվիայի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«ՆԱԹՕ-ի 16 անդամ երկիրներէն եւ անոր հետ գործակցող երկիրներէն ժամանած մօտաւորապէս 4000 զինուոր «Combined Resolve XXI» զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս պատրաստութիւններ կ՛ացնին Գերմանիոյ Հոհենֆէլս քաղաքին մէջ։
Զօրավարժութիւններուն նպատակն է դաշնակիցներու ստորաբաժանումներուն հետ համատեղ գործողութիւններու պատրաստուիլ եւ դաշնակից բանակներու միջեւ համագործակցութիւնը բարելաւել։







Մեկնաբանէ