Միացեալ Նահանգներու ընտրուած նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտնած է որ կը պատրաստուի հրապարակել գաղտն պահուած նիւթեր, որոնք կը վերաբերին ԱՄՆի 35րդ նախագահ Ճոն Քենետիի եւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Մարթին Լուտէր Քինկի սպանութիւններուն։

«Մենք կը բացայայտենք գաղտնի մնացած բոլոր նիւթերը Ճոն Քենետիի, անոր եղբօր՝ Ռոպըրթ Քենետիի, ինչպես նաեւ Մարթին Լուտէր Քինկ կրտսերի սպանութիւններուն վերաբերեալ եւ այս բոլորը կը հրապարակուի», — յայտարարեր է ան Յունուար 19ին, ելոյթ ունենալով իր համակիրներուն առջեւ, Ուաշինկթընի Capital One մարզադաշտին վրայ։

Թրամփ նաեւ յայտարարած է որ պաշտօնավարման առաջին իսկ ժամերուն աննախադէպ քանակի հրամանագիրնեեր պիտի ստորագրէ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ