
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ: Անոնք անմիջապէս ուղղուեցան վարչապետարան, ուր ունեցան հանդիպում մը:
Ֆրանսայի նախագահը այցելեց Թանգարանի շրջանին մէջ Անյայտ զինուորի դամբարան:
Աւելի ուշ, ան քալելով շրջեցաւ Պէյրութի Ժմմէյզի շրջանին մէջ, ուր նախապէս շրջած էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, եւ դարձեալ զրուցեց քաղաքացիներու հետ:
Ֆրանսայի նախագահը ապա ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Չհաստատուած տեղեկութիւններու համաձայն, Ամերիկեան դեսպանատան նորոգուած շէնքի բացման առիթով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ եւս այցելէ Լիբանան։







Մեկնաբանէ