Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է որ Ատրպէյճանի մէջ USAID-ի գործունէութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւն այլեւս չկա։ Այս յայտարարութիւնը ան կատարած է վրացի իր գործընկերոջ Մագա Պոչորիշվիլիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

Ան նշեր է որ Ատրպէյճանի կողմէ 2023 Սեպտեմբերին Արցախի դէմ կատարած պատերազմական գործողութիւններէն ետք ԱՄՆ-ը ձեռնարկած է «միջազգային իրաւունքի հետ անհամատեղելի քայլեր»։

Պայրամովը յիշեցուցած է որ ԱՄՆի Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան  (USAID) գործունէութիւնը Ատրպէյճանւ մէջ կ՛իրականացուէր 2000էն ի վեր եւ ըստ անոր, վերլուծումները ցոյց կու տան որ այդ գործունէութիւնը չէ ծառայած Ատրպէյճանի շահերուն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ