Երէկ ուշ երեկոյեան, Իսրայէլ եւ ՀԱՄԱՍ զինադուլի համաձայնագիր մը ստորագրեցին։Համաձայնութեան մասին յայտարարեց Քաթարի վարչապետ Մուհամէտ Ալ Թանին: Լուրը պաշտօնապէս յայտարարուելէն առաջ հազարաւոր մարդիկ Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ դուրս իջած են փողոց, ողջունելու համաձայնութիւնը։

Համաձայնագիրին համաձայն յառաջիկայ վեց շաբաթուան ընթացքին ՀԱՄԱՍ ազատ պիտի արձակէ միայն 33 պատանդներ, իսկ մնացեալին ճակատագիրը բանակցութիւններու ընթացքին պիտի որոշուի։

Իսրայէլցիներուն  մէջ կան դժգոհներ։ Անոնք կ՛ըսեն թէ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու բազմիցս յայտարարած է, որ այդ ահաբեկչական կազմակերպութեան ոչնչացումը պատերազմի նպատակներէն մէկն է:


Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ