
-Կը ներես համարձակութեանս, բայց լսեցի, որ դուն եւ Արան ……փորձեց հարցնել բարեկամուհի մը, երբ փողոցը հանդիպեցան իրարու:
Ռոզին թոյլ չտուաւ, որ խօսքը ամբողջացնէր. անոր աչքերուն մէջ կարդաց սքօղուած հրճուանք մը, որ կը հասկցնէր, թէ ի՛նք ալ այսուհետեւ կը պատկանէր իրենց խմբակցութեան:
-Այո՛, ճիշդ է լսածդ- ըսաւ, – բայց չենք ամուսնալուծուած. պարզապէս որոշ ժամանակի մը համար, որոշած ենք զատ ապրիլ- եւ առանց պատասխան սպասելու, արագ քայլերով հեռացաւ: Այդ «բարեկամուհին», որ լռելեայն վրէժ կը լուծէր, չգիտցաւ, թէ որքան ցաւ պատճառած էր իրեն :
Առաջին օրերուն՝ Ռոզին. չէր համարձակեր փողոց ելլել. կարծես իր ճակտին վրայ պիտակ մը փակցուած էր, որ կը ծանուցանէր ամուսինէն բաժնուած ըլլալը:
«Չենք ամուսնալուծուած » կը կրկնէր բարձրաձայն, երբ տունն էր եւ մտովի, երբ փողոցն էր: Այդ խօսքը երաշխիք մըն էր իրեն համար, որ ամէն ինչ պիտի վերադառնար իր նախկին վիճակին: Ապա ինք իրեն հարց կու տար.« ի՞նչ է տարբերութիւնը ամուսնալուածին եւ բաժնուածին. առաջինը օրինաւոր կերպով վաւերացուած է, իսկ միւսը առկախ մնացած»:
Կարօտով կը յիշէր թէ ինչպէս իրիկունները անհամբեր կը սպասէր դրան բացուելուն. երբ լսէր ամուսնին ոտնաձայնը, ուրախութիւն մը կը պատէր իր հոգին. անոր ներկայութիւնը տունը կը լեցնէր, ապահովութիւն կը ներշնչէր:
Իսկ հիմա, մինակ էր : Ժամերը դանդաղօրէն քարշ կու տային իրենց ծանրութիւնը եւ ինք չէր գիտեր ի՛նչ ընել, ինչպէս լեցնել ստեղծուած պարապութիւնը. շփոթի մատնուած էր:
Աղջիկը ընտանեօք փոխադրուած էր հարաւ՝ ամուսնին գործին պատճառով: Գէթ անոնք հոս ըլլային, տունը կը շէնցնէին. մանաւանդ նորածին Լալան՝ իրենց առաջին թոռնիկը, որուն այնքան կը կարօտնար:
Տարօրինակ զուգադիպութեամբ, կարծես հարցերը աւելի բարդացնելու համար, այդ օրերուն զինք գործէն ազատ կացուցած էին: Ուրեմն ճիշդ էին շրջան ընող շշուկները, թէ այդ ծանօթ լրատուական ընկերութեան մէջ մաքրագործում պիտի կատարուէր:
Պաշտօնապէս հաղորդած էին որ Հիմնարկութիւնը տեղի տալով երկրին մէջ տիրող տնտեսական սեղմումներուն, կարգ մը փոփոխութիւններու ձեռնարկած էր. անձնակազմի թիւի նուազում եւ երիտասարդ եւ աւելի մասնագիտացած պաշտօնեաներու նշանակում :
Բազկաթոռին վրայ նետուած, կը խորհրդածէր վերջին ամիսներու ընթացքին տեղի ունեցած տխուր իրադարձութիւններուն մասին եւ կը փորձէր զանոնք վերլուծել. աղջկան հարաւ փոխադրուիլը քակած էր չարեաց կծիկը, անոր յաջորդած էր իր գործէն հեռացուիլը, իսկ վերջինը՝ ամուսինէն բաժանումը:
Իրենց ծանօթներուն աչքէն չէր վրիպած որ բաւական ատենէ ի վեր Արան եւ Ռոզինը կը բացակայէին բարեկամական հաւաքոյթներէ, ձեռնարկներէ:
Եւ սկսան փսփուքները ծայր տալ.
-Գիտե՞ս Արան եւ Ռոզինը բաժնուեր են:
Ոմանք աւելի կը զարդարէին.
-Ամուսնալուծուեր են. արդէն փաստաբանի տուեր են թուղթերը:
Ռոզինին համար առեղծուած մըն էր ամուսինին տունէն երթալը: ՃԻշդ է, որ վերջերս իրենց յարաբերութիւնները բաւական լարուած էին, մանաւանդ իրենց աղջկան փոխադրութենէն յետոյ: Յաճախ կը վիճաբանէին իրարու հետ աննշան պատճառով, երբեմն այդ վիճաբանութիւնները կռիւի կը վերածուէին, պոռչտուքներ կամ վիրաւորական խօսքեր կ’ուղղէին իրարու. Ռոզին չէր գիտեր թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մուտք գործեր էր այս անհանդուրժող ոգին իրենց, տակաւին մինչեւ վերջերս համերաշխ ընտանիքին մէջ :
-Այս տունը դժոխքի վերածուած է –կ’ըսէր Արա բարկութեամբ եւ դուրս կը նետուէր :
Բաւական ատենէ ի վեր, ան սկսած էր գերյոգնութեան նշաններ ցոյց տալ. դարձած էր ջղագրգիռ, ընդհանրապէս անտրամադիր էր եւ յաճախ շատ զօրաւոր գլխացաւ կ’ունենար: Նախկին զուարթ խառնուածքին հետքն անգամ չէր մնացած. կնոջ հետ գրեթէ չէր խօսեր:
Բարդ եւ բազմաթիւ հարցերու մէջ մխրճուած էր, որոնց լուծումը անհնար էր գտնել առայժմ::
Բժիշկը՝ իր ֆիզիքական եւ հոգեկան վերիվայրումներուն եւ անհանգստութեան ախտաճանաչումը կատարեց եւ զայն սահմանեց մեր օրերուն շատ ծանօթ եւ բարեկամ դարձած մէկ բառով, stress. թելադրեց որոշ ժամանակ մը խզուիլ իր առօրեայ պարտականութիւններէն եւ հանգչիլ:
Ռոզին ամուսինին առաջարկեց, որ միասին մօտակայ ծովեզերեայ ամառանոցը երթան. բայց պատասխան չստացաւ անկէ:
Մէկ շաբաթ յետոյ, Արան սուսիկ- փուսիկ ճամպրուկը պատրաստեց եւ կնոջմէն հրաժեշտ առաւ:
Ռոզին ապշած զինք կը դիտէր.իր հարցումներուն, թէ ու՞ր կ’երթար, ե՞րբ պիտի վերադառնար, ամուսինը անորոշ բաներ մը մրթմրթաց եւ դուրս ելաւ:
-Աս մարդը խելքը կորսնցուցած է – մտածեց Ռոզին շատ մտահոգուած:
Այս անգամ մտահոգութեան կողքին՝ վախն ալ եկաւ տեղ գրաւելու իր մտքին մէջ: Կարդացած էր, թէ երբեմն այր մարդիկ, երբ իրենց կեանքի հաշուեկշիռը կ’ընեն եւ կը տեսնեն, թէ իրենց ծրագիրներուն մեծ մասը չէ իրագործուած, իրենք զիրենք ձախողած կը նկատեն եւ հոգեկան լուրջ տագնապի կը մատնուին: Արդեօ՞ք Արան ալ այդ հանգրուանին մէջ կը գտնուէր:
Օրեր կ’անցնէին, ոչ մէկ ձայն. բջիջային հեռաձայնը միշտ մարած էր:
Օրերը վերածուեցան շաբաթներու, ամիսներու:
Վերջապէս բջիջայինի պաստառին վրայ յայտնուեցան մի քանի բառեր.
«Առայժմ կ’ուզեմ առանձին ապրիլ, մաքուր օդ շնչել , մէկուն չհանդիպիլ. պէտք ունիմ ես ինծի հետ ըլլալու»:
Ռոզին ա՛լ աւելի մտահոգուեցաւ, ամուսինը չէր ուզեր վերադառնալ:
Ինչպէ՞ս ինք չէր անդրադարձած, որ իրենց յարաբերութիւնը մաշած էր, յոգնած էին երկուքն ալ եւ թոյլ տուած, որ այս անբաղձալի իրավիճակը յառաջանար:
Ինք, որ յաճախ կը յոխորտար, ըսելով, որ իրենց ամուսնութիւնը հաստաբուն եւ անխորտակելի կաղնի մըն է, ամուրեւ անսասան, ամէն ագամ, որ իմանար բաժնուող զոյգերու մասին: Հիմա ինք ալ անոնց բախտակից եղած էր:
Ներկայ ընկերութեան մէջ ի՞նչ կայուն բան մնացեր է, արժէքնե՞ր, բարեկամութիւ՞ն, յարաբերութիւ՞ն , գոր՞ծ, ծննդավա՞յր.., ոչինչ, ոչինչ, ամէն ինչ անկայուն դարձած է:
Աղջկան չպատմեց պատահածը. չէր ուզեր զինք իրենց հարցերով ծանրաբեռնել: Կը սպասէր տեսնելու, թէ ի՛նչ վախճան պիտի ունենար այս անորոշ դրութիւնը:
Այլեւս հաշտուած էր առկայ իրողութեան հետ եւ կամաց – կամաց կը վերադառնար իր սովորական առօրեային եւ բարեկամներու շրջանակին:
Աշնանային մելամաղձոտ եւ տաղտկալի օր մըն էր. օդը ցուրտ եւ անձրեւոտ: Ինք տունէն դուրս չէր ելած. տրամադրութիւնն ալ գետնէն վեր չէր ուզեր բարձրանալ:
Գիշերը, անկողինին մէջ կէս քուն, կէս արթուն վիճակի մէջ էր, յանկարծ սիրտը ուրախութենէն թպրտաց. իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ դուռը բացուեցաւ եւ իրեն շատ ծանօթ ոտնաձայներ լսուեցան. կիսախուփ աչքերով ննջասենեակին դրան կողմը նայեցաւ. այո…՛ սիրտը չէր սխալած. հոն կեցած էր իր սիրելին լայն ժպիտ մը դէմքին վրայ:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ







Մեկնաբանէ