Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ վերսկսվեր են Կազայի շուրջ զինադուլ հաստատելու եւ պատանդները փոխանակելու բանակցութիւնները, կը հաղորդէ BBC-ն։ 

Բանակցութիւններու ընթացքին տեղեակ պաղեստինցի պաշտօնեայ մը BBC-ին յայտնած է որ պատերազմի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման պատուիրակութիւնները անուղղակի բանակցութիւններու նստած են։

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ քանի մը փուլ, որոնցմէ առաջինի ընթացքին ազատ կ՛արձակուի իսրայէլցի 33 պատանդ, որմէ ետք Իսրայէլը պիտի սկսի իր բանակը հեռացնել Կազայէն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ