
Սերբիան եւ ԱՄՆ-ն սկսեր են ռազմավարական երկխոսութեան, որ թէեւ չի լուծեր առկայ բոլոր տարակարծութիւնները, բայց մեծ հեռանկարներ կը ստեղծէ Պելկրատի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան համար, յայտներ է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանդր Վուչիչ:
«Անոնց համար մենք փոքր երկիր ենք, բայց վստահ եմ որ անոնք առաջին անգամ ըլլալով հետաքրքրութիւն ցոյց տուին Սերպիոյ հետ ռազմավարական երկխօսութիւն սկսելու ինչ որ կը վկայէ թէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ դրական տեղաշարժ կայ»,- աւելցուցած է Վուչիչ:







Մեկնաբանէ