Իրանը 800 քմ շառաւիղով ռատար տեղադրած է, որու հասողութիւնը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկինքը, կը գրէ Islamic World News-ը։

Ռատարը տեղադրուած է Կիլանի նահանգի բարձրավանդակին վրայ՝ երկրի հիւսիսային օդային տարածքը հսկելու համար։ Ան միացուած է Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ցանցին։

Կը նշուի որ Կիլանի մէջ ռատարի տեղադրումէն ետք Հայաստանի, Ատրպէյճանի, արեւելեան Թուրքիոյ զգալի մասի, Վրաստանի մեծ մասի, արեւմտեան Թուրքմենիստանի, Ղազախստանի հարաւ-արեւմտեան մասի եւ Կասպից ծովի օդային ամբողջ տարածքը կը գտնուի Իրանի ՀՕՊ համակարգի վերահսկողութեան տակ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ