
Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիան Հայաստանի Հանրապետության անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեր է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու տարածաշրջանային երկիրներուն միջեւ քաղաքական, անվտանգութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, կը յայտնէ իրանական IRNA լրատու գործակալութիւնը։
Քննարկուեր են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներ եւ ընդգծուեր է խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարեւորութիւնը։
Ահմատիան յայտնած է թէ Թեհրանը դէմ է տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։







Մեկնաբանէ