Լոս Անճելըսի մէջ բռնկած է խոշոր հրդեհ մը եւ 30 հազար մարդոց յորդորած են հեռանալ իրենց տուներէն։

Հրդեհը արագօրէն կը տարածուի: Քաղաքի այդ մասին մէջ նշանաւոր դէմքեր տուներ ունին։ Հրշէջները սկսած են պայքարիլ հրդեհին դէմ եւ օգնել քաղաքացիներուն, որ տեղափոխուին ապահով վայրեր։

Քալիֆորնիոյ նահանգապետը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Ան կոչ ուղղած է  բնակիչներուն զգօն ըլլալ։ Հրդեհուած են բազմաթիւ տուներ, բայց զոհերու կամ վիրաւորներու մասին ցարդ տեղեկություններ չկան: 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ