
Վիեննայի հրապարակէն 40 կատուներ քաշեցին զիս ու բերին տանս դրան առջեւ հասցուցին: Նկատեցի որ Տէրեան ճաշարանէն ապսպրուած չիքէօֆթէն տոպրակէն հանուած, ու տոպրակին մէջը փիցցա լեցուած էր։ Փամփուշտներն ալ տուփէն պարպուած եւ անոնց փոխարէնը սիկարէթներ շարուած էին: Կատուներէն մէկը, որունը անունը Սախխալլը Վաննէս էր, կարծեմ մեղքցաւ ինծի եւ Հիւսիսային Պողոտայ չի հասած` ճամբայէն ետ դարձաւ ինծի լուր հասցնելուե թէ ըստ կատուներու անխոնջ ղեկավար Տիար Տոքթոր Պապային տրամադրութեան տակ եղած տեղեկութիւններուն, թուրքերը ասկէ տասը տարիներ առաջ սրիկայաբար մեր ջուրին մէջ թոյներ խառնած էին, որպէսզի որքան ալ որ հայերը «րէժիմ» ընէին, պիտի չնիհարնային: Սակայն, քանի որ դէմքիս վրայ այդ լուրին կապակցութեամբ թերահաւատութեան նշաններ տեսաւ, Սախխալլը Վաննէսը գրպանէն դուրս հանեց հեռախօսը եւ Տոքթոր Պապային հեռաձայնեց, որպէսզի ես ուղղակի իրմէ լսեմ: «Ա՛ռ, ականջովդ լսէ» ըսաւ:
Պարզուեցաւ որ կատուներուն ղեկավար Տոքթոր Պապան նոյն ինքն պարոն Պոնտն է, Ճէյմզ Պոնտը, որ ծագումով Ուրֆացի հայ ընտանիքէ մը կուգար։ Սակայն, ան հիմա որոշած էր ժամանակաւորապէս հնդիկ ձեւանալ որպէսզի հնդկական ֆիլմերու մէջ իրեն դեր մը տրուի։ Ճէյմզը բացատրեց թէ ես եւս զգոյշ պէտք է ըլլամ կազով ջուր խմելէն, քանզի հոն ալ օրին Լեւոնը շիշերուն մէջ յատուկ դեղ մը աւելցուցած էր, որպէսզի աշխարհի մէջ գլխուն վրայ մազ ունեցող հայ տղամարդ չմնայ: Ըսաւ թէ սա հրէական մեծ խաղ մըն էր՝ հայերուն դէմ ուղղուած, եւ կը վայելէր Սորոսի ամբողջական գործակցութիւնը, ինչ որ ան կը ծրագրէր եւ կը գործադրէր Թորոս ծածկանունով։
Հեռախօսը անջատելուս պէս, դասարանին զանգը զարկաւ եւ բոլոր մայրապետները երգելով եւ պարելով շարուեցան պարտէզին մէջ ու ֆութպոլի գնդակները միայն իրար միջեւ փոխանցելով` պարզ էր որ ինծի իրենց խաղին մասնակից չեն ուզեր դարձնել: Նոյնիսկ խօսքը ինծի ուղղելով «աստեղէն հիմա կորսուի՛ր լան» ըսին: Շատ ջղայնացած, որոշեցի երթալ Հրաչենց տունը եւ իր հօր՝ Քալաշնիքովը բերելով՝ մէկ առ մէկ գնդակներուն վրայ սկսայ կրակել:
Ուղղուեցայ դէպի մայրաքաղաք եւ Ղպտիներու եկեղեցիին քովէն անցած ժամանակ ձայներ, բաժակաճառեր եւ բարձր երաժշտութիւն լսեցի: Մօտեցայ, ու սրահին մէջ ի ՞նչ տեսնեմ. բոլոր կատուները եւ նմոյշի համար ալ մէկ-երկու աղուէս, հաւաքուած են խարոյկին շուրջ եւ իրենց ղեկավարին համար ողջերթի բաժակաճառեր կ՚արտասանեն։ Կատուներէն մին, որ ճանցուած էր Մայք անունով, առաջարկեց որ բաժակաճառերէն ոմանք անգլերէնով կատարուին, որպէսզի նոր սերունդն ալ ըսուածները հասկնայ։ Շուտ մը Մայքին ձերբակալեցին եւ որպէս CIAի գործակալ՝ Իրանական բանտ մը ղրկեցին։
Աղուէսներէն մէկը, որ գլխուն մազերը կօշիկի ներկով սեւ ներկած էր եւ անունը Եփրեմ էր, քովս մօտեցաւ եւ բացատրեց որ մի քանի վայրկեան առաջ շէֆը հեռագիր մը ստացած է Հոլիվուտէն` զինք հրաւիրելով մայրապետներուն միանալու, եւ «Sound of Music» անունով նոր ֆիլմ մը նկարահանելու համար. ուստի, բոլորը շատ ուրախ էին այս մեծ նուաճումին համար: Ես առարկեցի, ըսելով թէ այդ ֆիլմը հարիւր տարի է որ գոյութիւն ունի, բայց Եփրեմը ըսաւ որ եթէ շարունակեմ գլուխ ցաւցնել եւ այսպիսի շեշտուած արեւմտամէտ քարոզչութիւն տարածել, անմիջապէս ինծի կը ձերբակալեն եւ թռչուններուն կը յանձնեն: Ես ալ մարտավարական նուրբ խաղով մը ընդունեցի (ժամանակաւորապէս) լռել, բայց աչքիս տակէն նկատեցի որ խնճոյքին գլխաւոր ուտելիքը Տէրեանէն ապսպրած իմ չիքէօֆթէն էր որ այստեղ հասած էր եւ որ Հալէպցի հիւրերուս համար մասնաւորապէս աւելի կծուով շաղուած էր:
Այս պահուն, Հրաչին հայրը մուտք գործեց սրահ եւ բոլորին յայտարարեց թէ յետայսու Հրաչը իր որդին չէր, որովհետեւ գացած եւ անակնկալ կերպով սափրիչ դարձած էր ու ամերիկեան քարոզչութիւն կը կատարէր։ Այս լուրին վրայ, ներս խուժեց սրճագոյն աւանակ մը, որ ողջագուրուեցաւ Հրաչի հօր հետ եւ երկուքը յուզումի որոշ պահեր ապրեցան: Պարզուեցաւ որ աւանակը նոյնինքն Հրաչն էր որ տարիներու ընթացքին էշի վերածուած էր Ֆէյսպուքը շատ օգտագործելուն պատճառով: Աւելին, ան անունը փոխած էր եւ հիմա այլեւս կը ճանչցուէր ոչ թէ իր Հրաչ անունով, այլ Հ. Զանգակունի գրական ծածկանունով:
Սրահի կատուներէն մին, որուն անունը կարծեմ Սիրարփի էր, նկատելով որ չիքէօֆթէի հարցով կը շարունակէի ընդվզած մնալ եւ որ կրնայի անտեղի խնդիր յարուցել, մօտեցաւ ինծի եւ զգոյշացուց ըսելով թէ որպէս բնիկ Պէյրութցի, ես ի սկզբանէ իրաւունք չունէի չիքէօֆթէն այդքան կծու պատրաստել տալու եւ որ եթէ շարունակեմ հոս գլուխ ցաւցնել` ամբողջ մարմինս թաթուով պիտի ծածկեն: Առարկեցի թէ ես գուցէ Պէյրութ ծնած եմ, բայց մօրս ընտանիքը Նոր Գիւղի մէջ կարկանդակի խանութ ունեցած է, Սիրարփին աչքերուս մէջ նայելով եւ վստահաբար ընդվզած, «գնա ՛ նէնէյիդ վրայ այս պատմութիւնը քալեցուր» ըսաւ։ Ջղայնութիւնս չկարենալ զսպելով եւ հակակշիռս կորսնցնելով, գրպանէս հանեցի որսի հրացան մը եւ սկսայ աջ ու ձախ օդը կրակել: Կատուները վախնալու եւ փախելու փոխարէն, սկսան ծափահարել` կարծելով որ կրակոցս ուրախութեան ազդանշան մըն է:
Հանդիսավար կատուն, որ Խարբերդի Եղիգի գիւղէն էր, գերդաստանիս կենացը առաջարկեց եւ անմիջապէս ինծի հրաւիրեց բեմ՝ երկու խօսք մը ըսելու այս ուրախ առիթով: Ես մերժեցի` պատրուակելով թէ կոկորդս կը ցաւի եւ թէ անկարող եմ խօսիլ. առաւել եւս որ բաճակաճառ արտասանելը միայն քաջերուն կը վայելէ՝ եւ ոչ ինծի։ Խօսքի փոխարէն, առաջարկեցի ղզզիկներու երգ մը երգել ու հազիւ սկսած էի երգել, քովի դռնէն երգիչ Յակոբը ներս մտաւ ու հրահանգեց իսկոյն դադրեցնել երգս։ Մսավաճառի փայլուն դանակ մըն ալ ճօճելով, ըսաւ թէ ես այդ երգը երգելու համար թոյլատրութիւն չեմ խնդրած իրենցմէ: Բողոքեցի, ըսելով թէ երգածս երգը իրեն չի պատկանիր, եւ թէ այդ հնդկերէն երգ մըն է որ միայն Սիրուշոյին կը վայելէ երգել, այսուհանդերձ Յակոբը չի համոզուեցաւ։ Որոշ քաշքրտուք մը սկսաւ եւ քիչ մնացած էր որ սրահէն ներս կռիւ պիտի սկսէր, որովհետեւ բոլոր կատուներն ալ հարբած-վերջացած էին եւ բացի միայն մէկ աղուէսէն, բոլորն ալ Յակոբին հետ բախումէս ետք դէմս դառձած էին: «Եալլա, կորսուիր այստեղէն լան» ըսին։
Երկու օր տեւեց որ Վիեննա երթալու կեղծ վիզա մը դասաւորեմ ու երեք անիւներով կապոյտ հեծանիւով մը Սայեաթ Նովա փողոցով մինչև ծովափ իջնեմ: Կիրակի օր ըլլալուն, տեսայ որ ինը հայ ընտանիք եկած են այնտեղ փիքնիքի եւ ամէն մէկ ընտանիքը հետը վեց մանղալ բերած է: Միայն մէկ արաբ ընտանիք մը կար որ երկու մանղալով եկած էր: Հայերուն մէջէն կմախքի նմանող Հնչակեան կին մը ինծի մօտեցաւ եւ արաբ ընտանիքին ակնարկելով՝ «էմմի, ասոնք քրիստոնեայ արաբներ են ասոնք», ըսաւ։ Աւելցուց, թէ քաղաքին մէջ կասկածներ կը շրջին թէ այս մարդիկ ընտանեօք մասոնական ծրագիրներու կը ծառայեն։ Հնչակեան այս կինը շարունակեց բացատրել թէ արաբներուն փոքր տղան միասեռական է եւ ուրեմն կասկածներ կան թէ զինք թուրքերը ուղղարկած են մեր մէջ։ Քանի որ ես կոկորդի ցաւ ունէի եւ ուրեմն պիտի չկարենայի քեպապ ուտել, որոշեցի նաեւ ջուր ալ չխմել որպէսզի թուրքերուն ծուղակը ինկած չըլլամ: Հետեւաբար, որոշեցի մի քանի օր միայն շոքոլաթ ուտելով բաւարարուիլ։
Այդպէս ալ ըրի, մինչև որ երրորդ օրը Երգիչ Յակոբը նորէն եկաւ եւ ինծմէ ջղայնացած ըսաւ թէ այլևս ամէն ինչին չափը անցուցած եմ, ուստի պէտք է որ ներկայանամ Կլէնտէյլի ոստիկանատուն հարցաքննութեան համար: Քանի որ Կլէնտէյլի ոստիկանատունը կիսաքանդ վիճակի մէջ էր հայաստանցիներուն կազմակերպած մէկ յարձակումէն ետք եւ հոն վերանորոգման աշխատանքներ կ՚ընթանային, ոստիկանապետը, որ մէկ աչքով, մէկ ոտքով եւ Կարապետ անունով սեւամորթ մարդ մըն էր, զիս հրաւիրեց իր ամառնային տունը որ Այնճարի եկեղեցիին շատ մօտն էր: Երբ հոն հասայ, 3 սկաուտներ ինծի ձերբակալեցին՝ ըսելով թէ ձեռքերս դատարկ եկած եմ, ու փոքր նուէր մ՛իսկ չեմ բերած, ինչ որ բացայայտ մեղք մըն էր այս գիւղի օրէնքներով. «գոնէ մը փախլաւա մը բերէիր» ըսին:
Բացատրեցին թէ ըստ այստեղի սահմանադրութեան երրորդ յօդուածին (սահմանադրութիւնը որ գրած ու յետոյ ալ պատռած էր Սիլվի անունով տիկին մը), իմ գործած յանցանքս ծանրագոյն մեղք կը նկատուի, որուն պատիժը առանց այլեւայլի կախաղանն է: Բայց, ըսին, նկատի ունենալով իմ տարիներու վաստակս, պիտի առաջարկեն որ պարզապէս դուրս դրուիմ ակումբէն եւ ինծի այլեւս պիտի չ՚արտօնուի մուկ-կատու խաղալ։ Թէկուզ տխուր եւ ընկճուած, շունչ մը քաշեցի, անցայ ու գացի։
Բաւական մտահոգ, կապուեցայ Հրաչին հօր որ Սերժենց մօտիկ բարեկամն էր։ Հեռախօսին պատասխանելով, Հրաչին հայրը ըսաւ թէ առայժմ ինքը արձակուրդի մէջ է ու չի կրնար իմ հարցերովս զբաղիլ, ուստի խրատեց ձեւ մը գտնել կախաղանին վրայ մէկ-երկու օր ողջ մնալու` մինչեւ որ ինքը Սեւանէն վերադառնայ: Համաձայնեցայ եւ իսկոյն սկսայ վզի մկաններու մարզանքներ ընել, որպէսզի կախաղանին վրայ վիզս դիմանայ: Սակայն, այդ պահուն իսկ վրայ հասաւ ոստիկանապետ Կարապետին կինը, որ անոր երրորդ կինն էր եւ ըստ չար լեզուներու՝ անցեալին կօշիկի վաճառատան մը մէջ որպէս պոռնիկ աշխատած էր։ Այս կինը ներս մտաւ եւ սկսաւ ատրճանակով մը օդը կրակել ու Քեսապի բարբառով բաներ մը պոռալ-կանչել: Անմիջապէս համակարգիչովս թարգմանեցի կնկան ըսածները եւ հասկցայ որ ինքը երկու օր առաջ իր տանը մէջ յեղաշրջում մը իրականացուցած է եղեր եւ փոխած էր աշխարհի բոլոր օրէնքները, ըստ որոնց յետայսու երէկուան ոճրագործը այսօրուան հերոսը պիտի նկատուէր։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ յետայսու Երգիչ Յակոբը կը յայտարարուի որպէս աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն հոգաբարձութիւններուն նախագահ, որպէս գաղտնի ոստիկան ու նաեւ Քանատայի փոխ-նախագահ: Ինծի ուղղելով խօսքը, կինը ըսաւ որ լաւ ըրած կ՛ըլլամ եթէ շուտով կորսուիմ իր աչքին առջեւէն եւ երթամ տունս` այնքան ատեն որ իր ամուսինը կէսօրուան ինը ժամնոց սիէսթէն չէ արթննցած, եւ մեզ բոլորս իր ոտքին տակ չէ առած:
Պաղ շիշ մը Ֆանթա գտայ, ու անով արագ մը երեսս լուացի, ու աւելի արագ ալ փախուստ տուի այդտեղէն։ Վազելով հասայ քորէական քաղաք մը: Հոն փնտռեցի շատ նշանաւոր սուշիի ճաշարան մը, որուն մասին շատոնց մամայէս լսած էի, ուր իբր թէ Մեքսիքացի գործաւորները բոլորն ալ որպէս Ճափոնցիներ ծպտուած են: Սակայն քաղաքէն ներս անկարելի եղաւ գտնել այդ ճաշարանը, քանզի Սիլվիին գրած սահմանադրութեան ութերորդ յօդուածին համաձայն եւ քաղաքին նոր օրէնքներով, ճաշարանները արգիլուած էին։
Սակայն, Ճափոնական ճաշարանը փնտռած ժամանակս, պզտիկ խնձորի ծառի մը տակը երեք հատ մեծ ոչխարներու հանդիպեցայ. որոնք կը պատրաստուէին մորթուելու եւ որոնք նստած իրենց կտակները կը գրէին: Ոչխարները հարց տուին թէ արդէօք ես լաւ հրեայ իրաւաբան մը կը ճանչնա ՞մ, որ կարողութիւնը ունենայ իրենց կտակներու պատրաստութեան ուղղութեամբ իրենց օգտակար հանդիսանալ։ Իրենց պատասխանելու կը պատրաստուէի, երբ յանկարծ Պէյրութէն ինծի ծանօթ բայց շատոնց մահացած Մսավաճառ Սարգիսը ներս մտաւ եւ զիս տեսնելուն պէս ու հին օրերը յիշելով՝ յուզուեցաւ: Պատմեց թէ ինչպէս իր բոլոր թոռնիկներն ալ իմ հետս Ճեմարան կը յաճախէին եւ երբեմն ալ Կաթոճի Նշանին խանութը կ‘այցելէին. իսկ հիմա, անոնք բոլորն ալ Փարիզ կը բնակէին եւ շատ մեծ ճիգ կ‘ընէին անգլերէն չխօսելու, որպէսզի զիրենք որպէս ամերիկեան գործակալներ չձերբակալեն։ Սարգիսը մտահոգութիւն յայտնեց թէ իմ մասիս եւս լուրեր կը շրջին թէ իբր CIA-ի գործակալ եմ, քանզի կապոյտ աչքեր ունիմ, եւ փոքր եղած ժամանակս ալ մազերս դեղնորակ էին։
Մսավաճառ Սարգիսը խօսքը ուղղելով մորթուիլ սպասող ոչխարներուն յայտարարեց թէ ըստ Երգիչ Յակոբին առած վերջին որոշումին, որ նաեւ հիմնուած էր Սիլվիին հեղինակած սահմանադրութեան վրայ, յետայսու ոչխարները մորթուելու փոխարէն կախաղան պէտք է բարձրացուէին։ Ոչխարները շատ-շատ ուրախացան եւ սկսան օդը կրակելով ուիսքի խմել, հարսանեկան ռապիզ երգեր երգել, ու վզի մարզանքներ ընել:
Այս իրար-անցումին մէջ, արծաթագոյն Մերսետէս մը մեզի մօտեցաւ եւ Ատիսին «Ծաղիկներ, Ծաղիկներ» երգի երգեցողութեամբ, ինքնաշարժին մէջէն դուրս եկան 40 կատուները, որոնք բոլորն ալ հիմա թալիպաններու նման մօրուքներ ունէին։ Բայց, իրենց անխոնջ ղեկավար Տոքթոր Պապան իրենց հետ չէր։ Մեծ, շատ մեծ խնճոյք-պարահանդէս մըն է որ սկիզբ առաւ:
Վրայ հասան նաեւ քառասուն մայրապետներ ու մէկ աղուէս. այս վերջինը շատ լաւ պուզուքիա նուագող էր` մէկ թելի վրայ նուագող։ Ասոնք բոլորով սկսան յունական շուրջպար մը պարել ու զիս ալ պարի հրաւիրել՝ «Եալլա ճանը՜մ, դուն ալ եկուր» ըսին,. սակայն ես մերժեցի, ըսելով թէ չեմ կրնար պարել, որովհետեւ կոկորդս կը ցաւի: Աղուէսներէն մէկը ինծի Գերմանիայէն բերուած կոկորդի դեղ մը հազիւ տուած, դէպի օդը ուղղուած կրակոցները բազմացան ու ամէնքը միաբերան սկսան «կեցցէ՜ք, կեցցէ՜ք» բացականչել:
Այս իրար-անցումին մէջ նկատեցի որ ետեւի դռնէն Վարչապետը մուտք գործեց եւ աջ ու ձախ ձեռնուելով իմ մօտս ուղղուեցաւ: Հազիւ հետս մէկ-երկու րոպէ խօսած եւ իր մօրուքի ապագային մասին գաղտնիքներ փոխանակած` մէյ մըն ալ բեմէն յայտարարեցին որ Վարչապետը արդէն Ռուսաստան փախած է։ Հոն, տեղւոյն վրայ եւ ինքնաբուխ, փորձեցինք «բողոքի ակցիա» մը կազմակերպել, բայց քանի որ պէտք եղած գումարը չունէինք, ցոյցը ձախողեցաւ։ «Ուրիշ առիթով մը կը բողոքենք» ըսինք մենք-մեզի։
Քիչ անց, բոլոր կենդանիներն ալ մէկ-մէկ անհետացան, մայրապետներն ալ յօդս ցնդեցան: Մնացինք ես եւ Սարիբէկ անունով մարդ մը, որ կը փորձէր ինծի համոզել թէ անունս Շէֆ է եւ թէ անպայման պէտք էր որ Նորք-Մարաշի մէջ աժան գինով հիանալի հողաշերտ մը գնեմ իրմէ։ Երբ իրեն կը յստակեցնէի թէ անունս Շէֆ չէ, մանաւանդ որ կեանքիս մէջ երբէք խոհարար չեմ եղած, Սարիբէկը խիստ զայրացաւ, «Օհօօ՜, դուն ալ պարապ-տակառին մէկն ես, ու հաւկիթին մէջէն ալ մազ կը փնտռես» ըսաւ եւ անհետացաւ:
Հիմա արդէն բոլորովին մինակ էի՝ Ֆրանքֆորթ հասած։ Ճափոնական ճաշարանին մէջտեղը կանգնած, ուր մեղմիկ կը հնչէր Փօլին երգերէն մին: Առջեւս, սեղանի մը վրայ` երկու շերտ չուտուելիք փիցցա կար եւ դատարկ շիշ մըն ալ Ռուսկի Սթանտարտ: Կոկորդիս մէջ գունդ մը յուզումնալից զգացումներու, գիրկս նստած քանի մը մտահոգութիւններ, իսկ ուսերուս վրայ ծանրացող՝ աշխարհ մը ափսոսանք։
Վիգէն Յովսէփեան







Մեկնաբանէ