Վայրը Ողիմպոս, Olimpo, անուանած էին հոն տեղակայուած զինուորականները, որոնք արգելափակման, չարչարանքի եւ սպանութեան այդ գաղտնի կեդրոնացման ճամբարը հասնողներուն կ’ըսէին թէ մուտք կը գործէին Ողիմպոս, ուր իրենք՝ զինուորականները աստուածներ էին, այսինքն՝ հոն բերուածներու կեանքի թէ մահուան որոշումը առնողները: Իրենք իրենց յունական աստուածներու անուններ կու տային եւ կը ստիպէին, որ անոնք որոնց այլեւս զրկած էին իրենց ինքնութենէն եւ անունի ու մականունի փոխարէն տուած գիր մը եւ թիւ մը, իրենց դիմեն աստուածներու անունով: Այսինքն՝ ընդունին որ իրենց կեանքի ու մահուան որոշումին, եւ կեանքի ու մահուան միջեւ՝ չարչարանքի, որոշումին տէրերը իրենց դահիճներն էին:

Ողիմպոս տարուեցան, հոն հարցաքննուեցան, չարչարանքի ենթարկուեցան Արժանթինի մէջ 1976 – 1983 զինուորական բռնատիրութեան ժամանակ 30 հազար «անհետացածներ»էն, “Desaparecidos”, 500-ը՝ 16 Օգոստոս 1978-էն Յունուար 1979 ժամանակահատուածին, երբ կեդրոնացման ճամբարը գործեց: Անոնցմէ ոմանք վերապրեցան: Ինչպէս մնացեալ հարիւրաւոր գաղտնի կեդրոնացման ճամբարներու պարագային, զինուորականները փորձեցին Ողիմպոսի հետքերն ալ ջնջել: Վերապրողները, եւ թաղամասի յանձնառու բնակիչները, երկար տարիներ պայքարեցան, եւ, վերջապէս, 2004-ին, Պուէնոս Այրէսի Քաղաքապետարանը գործնականացնելով մէկ տարի առաջ Քաղաքային Խորհուրդի մէջ քուէարկուած օրէնքը, տարածքը յայտարարեց «Պետական ահաբեկչութեան ոճիրներու պատմական յիշողութեան վերականգնումի եւ մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարութեան արժէքներու տարածման վայր»:

Ողիմպոսի վերայայտնաբերման քսանամեակը նշուեցաւ 9 Դեկտեմբերին: Այդ օրը, 1985-ին, արժանթինեան դաշնակցային դատարանը իր տեսակին մէջ եզակի պատմական որոշում մը կ’արձակէր՝ դատապարտելով բռնատիրութեան խունթան: Վերապրողներ, Մարդկային Իրաւանց պաշտպաններ, բռնատիրութեան ժամանակ գործուած ոճիրներու դատական գործերուն մէջ դերակատար իրաւաբաններ եւ դատաւորներ եւ Եւրոպական Միութեան Դեսպանատան ներկայացուցիչը Ողիմպոսի մէջ էին՝ յարգանքի տուրք տալու զոհերու յիշատակին եւ վերահաստատելու՝ Այլեւս Երբեք / Nunca Más:

Այդ նոյն օրը միջազգային մետիադաշտն ու սոցիալական ցանցերը ողողուած էին Սետնայայի դժոխքէն վերապրածներու պատկերներով, անհետացածներու փնտռտուքով… սարսափը որուն մասին շատ լսած էինք արդէն բառացիօրէն տեսանելի է, անուն մականուն ունի, քայքայուած կեանքի մը պատմութիւն է…

Արժանթինի մէջ ժողովրդավարութիւնը իր հետ բերաւ ամբողջ գործընթաց մը, որ ծանօթ է՝ Ճշմարտութիւն, Արդարութիւն, Յիշողութիւն / Verdad, Justicia, Memoria կարգախօսով: Յանձնառութիւն մըն է, որ այսօր կը դիմագրաւէ վերատեսութեան, եթէ ոչ յետընթացի, սպառնալիքը: Այդ սպառնալիքի դիմագրաւման վճռակամութեան նշան էր Ողիմպոսի մէջ կազմակերպուած յարգանքի տուրքի միջոցառումը:

Պիտի մաղթել որ Սետնայան վերածուի յիշողութեան վայրի, իսկ յիշողութիւնը՝ ժողովրդավարութեան, խաղաղ համակեցութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի հաւաքական յանձնառութեան:

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Ֆէյսպուքեան Գրառում

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ