Share

Սփիւռքի կազմաւորման առջին օրերէն գաղթօճախներու հայեցի դիմագիծի պահպանման գործին մէջ ազգային վարժարանը ունեցած է անառարկելի առաքելութիւն: Այդ առաքելութիւնը ի կատար ածելու հիմնասիւնը հանդիսացած է ազգային ոգին եւ անոր յաջողութեան գրաւականը՝ կրթական մարզին նուիրուած հայորդիներու նուիրումը:

Այսօր, հայ ազգային դպրոցի ղեկավարութեան կոչուած պատասխանատուները չեն կրնար անտեսել հայ ազգային դպրոցին վերապահուած հարիւրամեայ այս կոչումը: Կարելի չէ ազգային դպրոցին մօտենալ բացառապէս իբրեւ ուսումնական հաստատութիւն, որովհետեւ ան ուսումնական հիմնարկ մը ըլլալէն անդին՝ ազգային կրթութեան օճախ է, որուն ողնասիւնը եւ գոյատեւման երաշխաւորը կրթական ասպարէզին նուիրուած հայն է:

Ուստի, զգոյշ վարուեցէք հայ ազգային դպրոցին հետ եւ ամէն ջանք ու եռանդ ի գործ դրէք, որ ան իր առաքելութիւնը անշեղ կատարէ:

1.-Ուսման մակարդակի բարձրացումը միշտ եղած է եւ պէտք է ըլլայ հայ ազգային դպրոցի ձգտումը: Սակայն, զայն պէտք չէ հակադրել հայ ազգային դպրոցի պատմական առաքելութեան, որովհետեւ այս մօտեցումը կը խարխլէ անոր հիմքերը, կ’աղաւաղէ անոր իւրայատուկ դիմագիծը եւ կը տապալէ հայեցի ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու պարտականութիւնը: Աւելին, հակադրելու նման մօտեցումը չի ալ կրնար ապահովել նոյնիսկ ուսումնական մակարդակի բարձրացումը:

2.-Ընդունիլ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ հայ ազգային դպրոցի գոյատեւման խարիսխը կրթական առաքելութեան հաւատացող հայն է, իսկ զուտ ուսումնական մասնագիտական մօտեցումներով առաջնորդուողը երբեք չի կրնար հայ դպրոցի գոյատեւման պահապանը դառնալ:

3.-Մասնաւորաբար մեր ազգային արժէքներու վրայ կատարուած յարձակումներու մեր այս օրերուն, հայ դպրոցը պէտք է պատուարել ու պաշտպանել ապազգային ամէն տեսակի հայեացքներէ ու ներազդեցութենէ, որոնք կրնան աղետալի հետեւանքներ ունենալ մատղաշ սերունդի հայեցի դիմագիծին վրայ:

4.-Գործնապաշտութեան լոզունգներով տուրք պէտք չէ տալ հայ դպրոցի առաքելութեան հետ աղերս չունեցող լուծումներուն, որոնք հայ ազգային դպրոցը կը պարպեն իր բովանդակութենէն:

Այս ակնարկը անտեղի չէ եւ չէ ծնած ոչինչէն: Գործնապաշտութեան, «ուսումնատենչութեան» եւ ազգայինի ստորագնահատման բազմաթիւ մտահոգութիւններ յարուցանող երեւոյթները այսօր բոլորիս ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլան եւ կրթական կեանքի ղեկավարման կոչում ունեցող տարրերը զգոյշ պէտք է վարուին ազգային դպրոցին հետ:

Խ.Մ.
Հայրենիք
22 Նոյեմբեր 2024

  1. Petrossian Hratch

    իրականության հետ ոչ մի կապ չունեցող 100 տոկոս անիմաստ պնդումներ!

    Like

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ