Մեղրալուսինէն նոր վերադարձած էին, երբ, օր մը ամուսինը շատ խանդավառ տուն մտաւ:

Քարիւղի ընկերութեան տնօրէնը, որ շատ կը գնահատէր զինք, որպէս փայլուն ճարտարագէտ` առաջարկած էր իրեն, հարաւի իրենց մասնաճիւղը փոխադրուիլ մէկ տարուան համար. իր ներկայ աշխատավարձին եռապատիկը պիտի գանձէր, առաւել` ինքնաշարժ եւ ձրի բնակարան պիտի տրամադրէին իրենց:

Մէկ շաբաթ ժամանակամիջոց ունէին պատասխանելու համար:

Պայմանները շատ նպաստաւոր էին, յատկապէս նկատի առնելով երկրին տնտեսական սուր տագնապը. անգործութիւն, սղաճ եւ Ժիզէլին աշխատած հաստատութեան սնանկացման որպէս հետեւանք, իր գործէ դադրիլը:

Միակ անպատեհութիւնը,որ զիրենք երկընտրանքի կը մատնէր, գիւղաքաղաքին խիստ կլիման էր: Անիկա կը գտնուէր երկրին ամէնահարաւը, Ատլանտեան ովկիանոսի ափին:

Ամառ թէ ձմեռ, տուներուն մէջ վառարանները վառած կը մնային եւ մարդիկ միշտ ձմեռնային հագուստով դուրս կ’ելլէին: Ցուրտ օդը, սառնամանիքը, մրրկաշունչ քամին, ձիւնախառն փոթորիկը, ժլատ բնութիւնը եւ ձեւով մը աշխարհէն խզուած ըլլալը խոչընդոտ կը հանդիսանային նոր եկուորներու:

Սակայն բարձր ամսավճարը որպէս խայծ`երբեմն կը հրապուրէր կարգ մը երիտասարդներ, որոնք որեւէ գործ գտնելու անձկութենէն մղուած` յանձն կ’առնէին այդ պայմաններուն մէջ ապրելու զոհողութիւնը` գէթ քանի մը  տարի:

  • Մէկ տարին շատ արագ կ’անցնի – փորձեց համոզել Վիքթոր,- աչքդ կը բանաս, կը գոցես, կը տեսնես տարին անցեր է: Քանի որ տան վարձք պիտի չվճարենք, կրնանք բաւական գումար խնայել եւ վերադարձին մեր սեփական յարկաբաժինը գնել:

Ի վերջոյ, երկար բարակ խորհրդակցելէ յետոյ, իրենց դրական որոշումը յայտնեցին տնօրէնին:

Որոշուած օրը, օդանաւը զիրենք ձգեց իրենց երթալիք գիւղէն երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքի մը օդանաւակայանը, ուրկէ ճամբան պիտի շարունակէին օթօպիւսով, ձիւնածածկ լեռներու եւ հովիտներու մէջէն անցնելով:

Իրիկուան դէմ հասան կայարան, ուր եկած էր ընկերութեան պաշտօնեաներէն մէկը զիրենք դիմաւորելու:

Յաջորդ օրը միասին պիտի ճաշէին տեղւոյն միւս պաշտօնեաներուն եւ անոնց տիկիններուն հետ, որպէսզի ծանօթանային իրարու:

Գիշերը` Վիքթոր եւ Ժիզէլ սեղանին շուրջ` թէ կ’ուտէին և թէ կը պատասխանէին իրենց ուղղուած հարցումներուն: Իրենք ալ իրենց կարգին կ’ուզէին տեղեկութիւններ քաղել գործին, միջավայրին վերաբերեալ: Բոլորն ալ երիտասարդ զոյգեր էին, որոնք եկած էին ներքին գաւառներէն: Բացի քանի մը մասնագիտացած ճարտարագէտներէ, միւսները պարզ գործաւորներ էին:

Քանի մը օր յետոյ, Ժիզէլ ուզեց աչք մը նետել իրենց տան թաղամասին վրայ: Միօրինակ տուներ, քանի մը վաճառատուներ եւ եկեղեցի մը:

Յաջորդող օրերուն կատարած պտոյտները տարբեր պատկեր չէին ներկայացներ. սինեմա մը, դպրոց մը եւ հիւանդանոց մը կ’ամբողջացնէին համայնապատկերը:

Սահմանափակ գիւղաքաղաք մը:

Բայց զինք աւելի հիասթափեցնողը` իր շրջապատի մարդոց սահմանափակ հետաքրքրութիւնն էր:

Աղքատ պայմաններու մէջ ապրած մարդիկ էին, որոնց կեանքը զգալիօրէն բարելաւուած էր: Ասոնց կիները շլացած իրենց ամուսիններուն մեծագումար աշխատավարձէն, կը փորձէին յագուրդ տալ իրենց գնելու անսպառ մարմաջին եւ առիթ չէին փախցներ  ատենը մէյ մը խումբով մօտակայ քաղաքը երթալու եւ գնել, հագուստ, տունի յատուկ իրեր, արդուզարդեր, մանուկներու խաղալիքներ, մարմինի օծանելիքներ եւ որեւէ նորութիւն, որ տեսնէին:

Իրենց հաւաքոյթներուն, որոնց Ժիզէլ երբեմն ներկայ կ’ըլլար, կը տեսնէր, որ իրենց հետաքրքրութիւնը այդ առարկաներէն անդին չէր անցներ: Քիչ մը աւելի զարգացածները գիւղի մարզարանը կ’երթային.եւ շատ խնամք կը տանէին իրենց արտաքինին: Բոլորն ալ տեղեակ էին միւսներու կեանքին ամէնայետին մանրամասնութիւններէն, մանաւանդ սիրային արկածախնդրութիւններէն:

Երբ Ժիզէլ մէկ, երկու անգամ փորձեց խօսակցութեան տարբեր բնոյթ, բովանդակութիւն տալ, օրինակ պատմել գիւղի բնիկներուն աւանդութիւնները, կամ տեղացի ծանօթ գրողի մը մէկ պատմուածքը, սկիզբը` քաղաքավարութեան համար մտիկ ըրին, բայց լռելեայն իրեն հասկցուցին, որ չեն շահագրգռուած նման զրոյցներով;

Ժիզէլ շատ լաւ սորվեցաւ իր դասը. այնուհետեւ չփորձեց ուսուցիչի հովեր առնել եւ ինք ալ առժամաբար իւրացուց անոնց խօսակցութեան նիւթերը:

Հեռատեսիլի յայտագիրներն ալ, հարազատ ցոլացումն էին տեղւոյն մակերեսային, տափակ մտայնութեան:

Օր մը սակայն, պաստառին վրայ ցոյց տուին շատ գեղեցիկ սեղանի եւ մահճակալի ծածկոցներ, որոնք ձեռակերտ աշխատանք էին:

Ժիզէլի մտքին մէջ լոյս մը ծագեցաւ: Ինք ալ պիտի սկսէր հիւսելու:

Յաջորդ օրն իսկ` գնեց ձեռագործի յատուկ գրքոյկ մը, բուրդէ դերձան, ասեղներ եւ լծուեցաւ հիւսելու.

Ազատ ժամերը օգտագործելու հիանալի միտք:

Զարմանալիօրէն արագ կը հիւսէր. եւ ինք իսկ կը զմայլէր իր ձեռագործերնուն վրայ:

Ընկերուհիները եւս շատ սիրեցին իր հիւսած նրբաճաշակ ծածկոցները եւ գնեցին քանի մը հատ. միաժամանակ թելադրեցին, որ զանոնք ցոյց տայ վաճառատուներու, ծախելու նպատակով:

Ժիզէլին շատ տրամաբանական թուեցաւ գաղափարը:

Քիչ ժամանակի մէջ մեծ ընդունելութիւն գտան այդ ծածկոցները եւ ապսպրանքներուն թիւը շատցաւ:

Ժիզէլ շատ ուրախ էր որ ինք ալ իր սեփական դրամը կը շահէր:

Ամիսները կը սահէին. վերադարձի օրերը կը մօտենային:

Ժիզէլ յանցաւոր կը զգար, իր սկզբնական օրերու ժխտական տպաւորութեան համար:

Ճիշդ է, այդ պարզամիտ, համեստ կիները իրմէ տարբեր էին իրենց ճաշակով, հետաքրքրութիւններով,. շատ տարրական գիտելիքներ միայն կը կազմէին իրենց մտաւոր պաշարը, բայց այս բոլորին փոխարէն, ունէին անհունօրէն բարի և ազնիւ սիրտ մը, որոնք մարդկային արժէքներու նժարին մէջ, շատ աւելի ծանր կը կշռեն, քան զարգացումը:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Ֆէյսպուքեան Գրառում

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ