Սպասելով Վիրաբոյժին

Արեւմտահայերէնը կանգնած է լուրջ վտանգի առջեւ։ Այս բարբառը, որ հիմնականին մէջ կը խօսին Հայոց ցեղասպանութիւնէն վերապրած սերունդները, կարեւոր բաղկացուցիչ է հայկական մշակութային եւ պատմական ինքնութեան։ Ձուլման եւ արտագաղթի հետեւանքով, մայրենի լեզուով խօսող հայերու թիւի նուազումը եւ փրկելու ուղութեամբ պատկան մարմիններու անտարբերութեան պատճառով, արեւմտահայերէնը գրեթէ մահամերձ վիճակի մէջ է։ Կարեւոր է հասկանալ եւ ախտաճանաչանել այս երեւոյթին տուն տուող պատճառները եւ քայլեր ձեռնարկել զայն պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն համար զօրաւոր մշակութային կապը պահելու նպատակով։

Արեւմտահայերէնի նահանջին հիմնական պատճառներէն մէկը մեր ժողովուրդին սփիւռքայնացումն է։ Սփիւռքի նոր պայմաններուն յարմարելու ընթացքին, շատեր աստիճանաբար ձուլուեցան իրենց ապրած երկրի մշակոյթին մէջ, ինչ որ պատճառ դարձաւ մայրենի լեզուին գործածութեան նուազման։ Բացի այդ, սերունդէ սերունդ լեզուի փոխանցումը թուլացած է, որովհետեւ սփիւռքի հայ երիտասարդները սկսած են աւելի շատ հաղորդակցիլ իրենց բնակած երկրի լեզուով, որ կը նշանակէ թէ աւելի քիչ թիւով երեխաներ տան մէջ արեւմտահայերէն կը խօսին կամ կը սորվին, որ իր կարգին կը նպաստէ ընդհանուր առմամբ հայերէնի նահանջին:

Արեւմտահայերէնի պահպանումը պարզապէս լեզու փրկելու խնդիր չէ. այլ՝ հարուստ մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման խնդիր է, որովհետեւ ան կը պարունակէ դարերու պատմութիւն, գրականութիւն, Մեսրոպեան ուղղագրութեան պահպանում, եւ աւանդութիւններ։ Նաեւ՝ փաստ է որ արեւմտահայերէնը անհայրենիք լեզու է եւ իբրեւ այդպիսին պահանջատիրութեան ոգին կայ անոր մէջ։ Եթէ արեւմտահայերէնը գոյութիւն ունենալէ դադրի, կը կորսուի նաեւ ցեղասպանութիւնէն վերապրած եւ սփիւռքի մէջ իրենց կեանքը վերականգնած հայերու եզակի նուաճումներն ու պատմութիւնը։ Հետեւաբար, լեզուի պահպանումը ազգային եւ մշակութային գոյատեւման հարց է՝ ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներու համար հայկական ինքնութեան կապը պահելու միջոց։

Կասկած չկայ, որ սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցները, մանաւանդ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները գերմարդկային ջանք ի գործ կը դնեն արեւմտահայերէնը կենդանի պահելու համար: Սակայն, այդ ջանքերուն արդիւնքը ցոյց կուտայ որ անոնք բաւարար չեն: Դպրոցները պէտք է արեւմտահայերէնը դարձնեն ուսումնական ծրագիրի կարեւոր մէկ մասը, տալով անոր առաջնահերթութիւն եւ ապահովեն, որ աշակերտները հասկնան անոր նշանակութիւնը՝ ոչ միայն որպէս լեզուական գործիք, այլ՝ որպէս իրենց պատմութիւնն ու ինքնութիւնը հասկանալու միջոց։

Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար հայկական դպրոցները ինչպէս սփիւռքի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ պէտք է կեդրոնական դեր խաղան։ Անոնք մեծ դեր ունին արեւմտահայերէնի պահպանման գործին մէջ, որոնք կրնան միջոցներ տրամադրել աշակերտներուն՝ արեւմտահայերէն սորվելու եւ օգտագործելու համար։ Մանաւանդ որ ներկայիս Հայաստանի մէջ բնակող արեւմտահայերու թիւը բաւական աճ արձանագրած է:

Կրթական ծրագիրները կրնան մշակուիլ՝ արեւմտահայերէն բարբառի մասին հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ իրազեկ դարձնելու աշակերտները անոր մշակութային ներդրումներու եւ պատմական նշանակութեան։ Արեւմտահայերէնը ուսումնական ծրագիրին մէջ ներառելով՝ հայկական դպրոցները կրնան նպաստել աշխարհասփիւռ հայերու միջեւ միասնութեան զգացումի ձեւաւորման եւ նպաստել լեզուի գոյատեւման։

Հայաստանի կառավարութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպութիւնները նոյնպէս պէտք է գործնական քայլեր ձեռնարկեն արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղութեամբ։

Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ աջակցիլ լեզուի պահպանման անոր վերականգնման ծրագիրներու ֆինանսաւորման միջոցով։ Այս գործընթացը կրնայ ներառել արեւմտահայերէն դասընթացքներու հաստատում, արեւմտահայերէն դասաւանդող դպրոցներու աջակցութիւն, եւ արեւմտահայերէն լրատուամիջոցներու ֆինանսաւորում (հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, համացանցային լրատուական աղբիւր, եւայլն)։ Բացի այդ, Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ համագործակցիլ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն հետ՝ ծրագիրներ ստեղծելու, որոնք կը խրախուսեն արեւմտահայերէնի կիրառումը առօրեայ կեանքին մէջ՝ գրականութեան, երաժշտութեան եւ հանրային դաստիարակչական ձեռնարկներու միջոցով։

Սփիւռքի կազմակերպութիւններն ալ ունին կարեւոր դեր, որովհետեւ անոնք անմիջականօրէն մասնակից են սփիւռքահայ կեանքին յատկապէս այն գաղութներուն մէջ, ուր արեւմտահայերէնը աւելի վտանգուած է։ Այս կազմակերպութիւնները կրնան հովանաւորել լեզուական դասեր, մշակութային ձեռնարկներ և արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ՝ լեզուն կենդանի պահելու համար։ Անոնք կրնան նաեւ համագործակցիլ դպրոցներու, համալսարաններու եւ մշակութային հաստատութիւններու հետ՝ արեւմտահայերէնի կիրառումը խթանելու: Բացի այդ, սփիւռքի կազմակերպութիւնները կրնան օգտուիլ ժամանակակից արհեստագիտութենէն՝ ստեղծելու առցանց աղբիւրներ, արեւմտահայերէնը աւելի մատչելի դարձնելով երիտասարդ սերունդներուն։ Կարեւոր է յիշել որ շատ մը կազմակերպութիւններ բաւական գործ կը տանին այս ուղղութեամբ, սակայն կը բաւէ ակնարկ մը նետել սփիւռքահայ նոր սերունդին վրայ հասկնալու համար որ բաւարար չեն որդեգրուած միջոցները: Ինչո՞ւ առցանց դպրոց չկայ մինչեւ հիմա, ուր տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայկական միջավայրէ հեռու հայեր արեւմտահայերէն սորվին։ Ինչո՞ւ արեւմտահայերէն սորվեցնող խաղեր (games) չունինք։ Ինչո՞ւ արեւմտահայերէն առցանց գրադարան չունինք: Ինչո՞ւ համացանցին վրայ արեւմտահայերէնով տեղեկատուական աղբիւրներ չունինք, որպէսզի արեւմտահայ, նոյնիսկ արեւելահայ աշակերտը, օգտագործէ փոխանակ խորհրդային ուղղագրութեամբ (իմա՛ Աբեղեան) գրուած էջեր այցելելու։

Հոս կը մէջբերեմ Վարդան Թաշճեանի շահեկան գրառումը այս յօդուածին առաջին բաժինին տակ.

«…թուարկեմ 20-րդ դարու շարք մը արհեստագիտական նորարարութիւններ՝ հաղորդակցութեան մարզին մէջ, որոնք պէտք եղածին պէս, երբեմն ալ՝ բացարձակօրէն, չօգտագործուեցան հայերէնի ուսուցման համար։ Այսպէս՝ ռատիօ, պատկերասփիւռ, phonograph-LP, սինեմա, ձայներիզ (մեր օրերու քասէթները եւ անոնց նախորդած փոքր կօշիկի տուփի չափ միւսները), VHS, CD, USB․․․ ասոնք բոլորը անցան հայերէնին ”վրայէն”՝ առանց նշանակալի հետք մը ձգելու լեզուի ուսուցման մէջ՝ դպրոցներէն ներս թէ անոցնմէ դուրս։ Իմ կարծիքովս՝ գրեթէ նոյնը պատահեցաւ ու կը շարունակէ կատարուիլ նաեւ համացանցին ու համացանցային եւ մոպայլ գործիքներուն յարաբերաբար, այն պարագային, երբ արդէն ընթացք առած է թուային երկրորդ յեղափոխութիւնը՝ արուեստական բանականութեան օր օրի բուռն ծաղկումին տեսքով՝ բոլորիս աչքին առջեւ։ Ինչ ընել։ Կը կարծեմ, որ հայկական կրթութեան հաստատութիւններուն եւ միութիւններուն համար դժուար չէ պատասխանել այս հարցումին՝ պայմանով, որ անիկա հարցուի, ու պատասխաններ գտնելու համար կատարուին քայլեր, որոնք սովորաբար կւ ձեռնարկուին որեւէ խնդրի քննարկման ատեն՝ անձնական թէ հաւաքական կեանքին մէջ»:

Եզրակացնելով՝ արեւմտահայերէնի պահպանումը համընդհանուր պատասխանատուութիւն է, որ կը պահանջէ սփիւռքի, Հայաստանի կառավարութեան, եկեղեցւոյ եւ կրթական հաստատութիւններու գործօն, ներդաշնակ, եւ հետեւողական մասնակցութիւն։ Սակայն ցաւալին այն է՝ որ բոլորը կը խօսին, կը մտահոգուին, կը քննադատեն, յանցաւորներ կը գտնեն, հռետորական ճառերով հանդէս կուգան լեցուն «ՊԻՏԻ»ներով, բայց ոչ ոք լուծումի մասին կը մտածէ: Բոլորն ալ միջոցը նպատակի վերածած, իրենց ըրածը բաւարար համարելով կեղծ գոհունակութիւն մը կ’ապրին: Պէտք է լուրջի առնել: Պէտք է հաւատալ որ լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց չէ. ան հայկական ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան առանցքային բաղադրիչ է։ Եթէ հիմա չգործենք, կը կորսնցնենք ոչ միայն լեզուն, այլ հսկայական ներուժ ունեցող սփիւռք մը։ Ազգային կրթութիւնը խթանելով, արեւմտահայերէնի կիրառումը առօրեայ կեանքին մէջ ներառելու յստակ եւ գործնական ծրագիրներով, տակաւին կարելի է փրկել գէթ այն՝ ինչ որ մնացած է:

Անհատական ջանքերը կրնան միայն վիրաւոր լեզուին արիւնահոսութիւնը ժամաակաւորապէս դադրեցնել սպասելով վիրաբոյժին: Իսկ եթէ վիրաբոյժը ուշանայ…

Յարութ Մկրտիչեան
Ֆէյսպուքեան Էջ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ