Երէկ, «Հորիզոն» թերթին մէջ կարդացի Կիրօ Մանոյեանին յօդուածը։ Կարծես քաղաքական յայտնութիւն մը ընելու կը միտէր քանի որ յօդուածին մէջ իր հիասթափութիւնը կը յայտնէր շեշտելով որ ՝ «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգում չկայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց»։ Կրկին անգան կը մէջբերեմ Կիրօն՝ «ի վերջոյ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դուրս են բերում դիւանագիտական օրակարգից: «Փաշինեանի Ապրիլի 24-ի ուղերձ կոչուածը ցոյց է տալիս, որ այս քաղաքական ուժը արդէն իսկ հրաժարուել է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին»։

Այո, Փաշինեանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ չկայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց։

Բայց չկար նաեւ նախորդ՝ Սերժ Սարգսեանի արտաքին քաղաքակնութեան օրակարգին մէջ։ Նոյն այդ կառավարութիւնը որուն մաս կը կազմէր Հայաստանի ԳՄ-ը իր նեկայացուցիչներով։ Իսկ Կիրօն ԳՄ-ին արտաքին յարաբերութեան խօսնակ մըն է երկար տարիներէ ի վեր, եթէ ոչ երեք տասնամեակներէ ի վեր։ Անբնական է պատկերացնել որ իր պաշտօնին բերումով գիտակից չէ այդ օրերուն, Նախագահ Սերժ Սարգսեանին 
Թուրքիոյ մերձեցման վարած քաղաքականութեանը որ ճանցուեցաւ որպէս ֆութպոլի քաղաքականութիւն (football diplomacy)։ 

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց չկար նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ որուն կառավարութեան հետ, Հայաստանի ԳՄ-ը կը գործակցէր եւ տակաւին կը շարունակէ գործակցիլ, այս անգամ որպէս քաղաքական դաշնակից, ոչ թէ միայն Ազգային Ժողովէն ներս, այլ նաեւ գլխաւորելով արտախորհդարանական փողոցի ցոյցերը։ Կիրօն տասնամեակներու վրայ երկարող պաշտօնէութեան ընթացքին անպայման գիտնալու է Ռոպերթ Քոչարեանին վարած քաղաքականութեանը հայր եւ որդի ալիեւներուն հետ։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ չկար Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթաց, նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի վարած արտաքին քաղաքակնութեան մէջ։  Գէթ Նախագահ ԼՏՊ-ը այսպէս կը նկարագրէ այդ քաղաքականութեան անհրաժեշտութիւնը իր՝ 1.11.1997 «Պատերազմ թէ Խաղաղութիւն»  տեսութեանը մէջ։ Կը մէջբերեմ՝ «Մի՞թե ես չէի կարող գիշեր-ցերեկ հայհոյել թուրքերին, ՄԱԿ-ի առջեւ բարձրացնել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, չեղեալ յայտարարել Կարսի պայմանագիրը, Թուրքիայից պահանջել Սեւրի դաշնագրով գծուած սահմանները, վերջնագիր ներկայացնել Ատրպէյճանին, ճանաչել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, յայտարարել, որ ոչ մի թիզ հող չենք զիջի եւ այլն։ Այդ բոլոր հնարքները ես վարպետօրէն կարող էի օգտագործել։ ….Ի՞նչն է, ուրեմն, խանգարում անել այդ ամէնը՝ քաջութեան պակա՞սը, աշխարհաքաղաքացիական (կոսմոպոլիտ) մտածողութի՞ւնը, ապազգային էութի՞ւնը, թէ սխալ դաստիարակութի՞ւնը։ Խանգարում է ընդամէնը պարզ քաղաքական հաշուարկը եւ մեր ժողովրդին փորձանքներից հեռու պահելու գիտակցութիւնը»։

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացք չկար նաեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան քաղաքականութեան մէջ։  Կը մէջբերեմ՝ «Ահարոնեանի, Խատիսեանի եւ առաքելութեան քարտուղարին զեկուցագիրները կը նկարագրէին նուաստացուցիչ հանդիպումներն Էնվերի եւ Թալէաթի հետ: Աղերսարկուներն այնքան նուաստացան, որ, ստիպուած, երախտագիտութիւն յայտնեցին Օսմանեան Կայսրութեան` հայկական հանրապետութեան հիմնադրումը թոյլատրելու համար: Այս քննարկումներուն ընթացքին Թալէաթը հայկական աղէտին մեղքը կը նետէր քիւրտերուն, զինուորական իշխանութեանց եւ տեղական անպատասխանատու պաշտօնեաներու վրայ, բայց նաեւ կը դատապարտէր հայերը` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ անհաւատարմութեան համար՚,- կը գրէ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը:» (աղբիւրը կցած եմ ներքեւը)։

Տակաւին՝ «Հոկտեմբերին նաեւ սուլթանը կ’ընդունի հայկական պատուիրակութիւնը: ՙԿրօնական արարողութենէն յետոյ մզկիթին մէջ Էնվեր փաշան մեզ ներկայացուց սուլթանին: Ահարոնեանը Հայաստանի անունով ճառ մը խօսեցաւ եւ յոյս յայտնեց, որ անկախ Հայաստանն ու Թուրքիան այսուհետ բարի դրացիներ պիտի ըլլան: Սուլթանը պատասխանեց, թէ ինքը շատ երջանիկ է, որ ՙդարաւոր բարեկամական՚ յարաբերութիւնները հայոց ու թուրքերու միջեւ այժմ քաղաքական բարեկամութեան կը վերածուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: Սուլթանը յոյս յայտնեց, որ մենք, վերադառնալով Հայաստան, հայ ժողովուրդին բարեմաղթութիւններ հաղորդենք սուլթանին եւ ամբողջ Թուրքիոյ անունէն՚:

Քանի մը օր յետոյ Էնվեր փաշան Հայաստանի պատուիրակներն իր տուն` ճաշի կը հրաւիրէ: Խատիսեանը կը շարունակէ. ՙԱրեւելքի ամբողջ շքեղութիւնը բացուեցաւ մեր առջեւ: Ոսկի, մետաքս, գորգ եւ ամէն տեսակ թանկարժէք իրերով լեցուն էր Էնվերի բնակարանը: Ճաշի հրաւիրուած էին նաեւ գերմանացի զօրավար ֆոն Սեքթը, Թալէաթ եւ Իզզէթ փաշաները եւ կովկասեան երեք պատուիրակութիւնները: Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթն էր կովկասեան նորակազմ հանրապետութեանց ապագան՚:» (նոյն աղբիւրը)։

Ուրեմն, ըստ Կիրօ Մանոյեանին, իր իսկ պատկանած կուսակցութիւնը -ՀՅԴ- աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ «արդէն իսկ հրաժարուել է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն»։ Կիրօ Մանոյեանը պէտք է որ գիտակից ըլլայ որ այդ այրերը ըրին եւ պիտի շարունակեն ընել ան ինչ որ անհրաժեշտ էր եւ է, պահելու համար Հայոց պետականութիիւնը։

Գալով վերագրին՝

ԶԶուելին, այդ ամբարտաւան մտայնութիւնն է՝ հատուածական տեղեկութիւններ «կլլեցնելն է», ուրանալով  Հայոց պատմութիւնը իր ընդհանրութեան մէջ, պարզապէս քաղաքական  գրգռութիւն ստեղծելու համար Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեանը դէմ  սփիւռքի մէջ։

Մտահոգութիւնը՝ Ամերիկածին մատղաշ սերունդին նման քաղաքականացած հատուածական տեղեկութիւններով դաստիարակելն է, մանաւանդ Արեւմտեան աշխարհին մէջ, ուր իմ եւ իմ սերնդակիցներուն զաւակները բացառձակ մեծամասնութեամբ հայ դպրոց չեն յաճախած, ինչպէս նաեւ չեն յաճախեր իմ սերնդակիցներուն թոռները։ Պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններէ կը սորվին ան ինչ որ կ՚ընկալեն։

Զգաստութեան պահանջը ծնողներուն է, որպէսզի հետեւողականօրէն հետեւին եւ հաղորդ մնան այդ կազմակերպութիաններուն, որոնց վստահած են իրենց պատանի զաւակները ստանալու հայեցի դաստիարակութիւն մը եւ ոչ թէ քաղաքականացած դաստիարակութիւն մը։

Աղբիւրը՝  https://www.aniarc.am/2017/10/01/karabakh-diary-part-38-1918-kajaznuni/

Վահէ Յ. Աբէլեան
Ազատ Փիւնիկ
5 Նոյեմբեր 2024

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ