Ա._ Լեզուի Աւանդապահութեան եւ Դասական Ուղղագրութեան Մասին

Հայ ժողովուրդը ունի մէկ ազգային լեզու; Արդի հայերէնը, իր գրական երկու տարբերակներով: Այլ խօսքով՝ Ժամանակակից հայերէնը իր երկու դրսեւորումներով, մեր ազգային գրական լեզուի գոյութեան երկու ձեւերն են: Տեսակէտ մը, որ ընդունուած է հայագիտութեան մէջ: Չմոռնանք՝ ժամանակակից հայոց լեզուի կառուցուածքի ամբողջական նկարագրութիւնը տալու համար, չենք կրնար անտեսել արեւմտահայերէնի

գոյութեան փաստը: Օրինակ ինչ անպատեհութիւն կրնայ ըլլալ ֆրանսերէնի համար, փրովենսիալ լեզուի եւ գրականութեան գոյութիւնը: Կամ անգլիական եւ ամերիկեան անգլերէնը, որ թէեւ տարբեր ազգութիւններու լեզուն է, բայց եւ միաժանանակ կը հանդիսանան միեւնոյն լեզուի երկու ձեւեր:

Հայոց լեզուի խնդիրը, հայերէնի ուղղագրութեան հարցը տասնամեակներէ ի վեր արծարուած է մամուլի էջերուն մէջ: Այսօր նոյնպէս դարձած է հրատապ հարց: Այս առնչութեամբ կ՜ուզեմ անդրադառնալ լեզուագիտական կարեւոր իրողութիւններու հասկնալու հարցին էութիւնը:

1_ Թէ ինչ կը նշանակէ լեզուի աւանդապահութիւն:

Եթէ լեզուի աւանդապահութեան մասին է խօսքը, ապա աւանդութեան հաւատարիմ մնալու համար, պէտք է այսօր մեր գրական լեզուն ըլլար գրաբարը:

Իսկ եթէ աւանդական ուղղագրութեան մասին է, նախ պէտք է ըսել, որ հայոց լեզուի պատմութեան մէջ դասական ուղղագրութիւնը եղած է միջնադարեան ուղղագրութիւնը:

2_ Այս առումով յիշենք, Մեսրոպեան այբուբենի մէջ վ- հնչիւնը ունեցած է միայն մէկ նշանագիր -վ-:

Հետագային պատմական հնչիւնափոխութեան պատճառով -վ- հնչիւնի վերածուած են բառավերջի եւ ձայնաւորներու միջեւ եղած -ւ-ն, ինչպէս՝ /նաւ, հիւանդ, / եւ ձայնաւորէն առաջ -ու-ն /զուարթ/:

Այսինքն – ւ-, եւ -ու-, տառերու սկզբնական հնչիւնը

չէ եղած -վ-: Այլ -ւ-ն եղած է կիսաձայն, կամ բաղաձայնական -ու-, իսկ -ու-ն եղած է ձայնաւոր: Մինչ այսօր -վ- հնչիւնի համար արեւմտահայերէնը

ունի -ւ-, -ու-, եւ -վ-տառերը:

3_ Այս առումով կ՜ուզենք շեշտել, թէ լեզուական փոփոխիւթիւններու առաւել կամ նուազ չափով ենթակայ են բոլոր լեզուները: Այսինքն կը փոխուին հնչիւնական կազմն ու օրէնքները, բառերը, քերականական ձեւերը եւ ուղղագրական կանոնները: Այդ փոփոխութիւնները կը կատարուին աննկատելիօրէն, աստիճանաբար մինչեւ որ կազմեն նոր որակ, այն ինչ կարելի է համարել լեզուի զարգացման

նոր փուլ: Ահա թէ ինչու Արեւմտահայերէնի գրաբարէն եկած բառերը, թէեւ կը պահեն իրենց հին ուղղագրութիւնը, բայց կը կարդացուին սխալ հնչումով: Այս երեւոյթը կը փաստէ ժամանակի ընթացքին լեզուներու մէջ տեղի կ՜ունենայ հնչիւններու փոփոխութիւն: Այսինքն տառերը կորսնցնելով

իրենց նախկին հնչումը կը ստանան նոր հնչումներ:

Լեզուի Պատմական

Հնչիւնափոխութեան Մասին

4_ Անդրադառնալով լեզուի տարբեր փուլերու հնչիւնափոխութեան յիշենք նաեւ, թէ -յ-տառի սկզբնական հնչիւնը եղած է կիսաձայն, ինչպէս որ այսօր կը հնչենք հայր, մայր, ձայն . եւ նման բառերու մէջ: Հետագային պատմական հնչիւնափոխութեան պատճառով, բառին սկիզբը վերածուած է հ-ի, այսպէս՝ -յաղթել- հաղթել: Բացի այդ, -ե, եւ -ի, լծորդութեան բայերու անցեալ անկատարը /բացառութեամբ եզակի 3-րդ դէմքի/ գրաբարեան ուղղագրութեամբ կը գրուի -ե- ով, ինչպէս՝ նստեի, գիտեիր, խորհեիք. եւլն:

Ե-ով գրուած են նաեւ, թե, եթե, միթե, երբեք, եւլն: Իսկ Միջին հայերէնի մէջ, վերոյիշեալ բառաձեւերը գրուած են – է-ով: – նստէի, թէ. եթէ, եւլն:

Ուրեմն այսօրուայ հասկացողութեամբ մեր դասական

կամ աւանդական կոչուած ուղղագրութիւնը, միջնադարեան

ուղղագրութիւնն է:

5_Ընդհանրապէս գիտականօրէն այբուբեններու թերութիւններէն մէկը կը նկատուի նոյն հնչիւնը տարբեր տառերով, եւ նոյն տառը տարբեր հնչիւններով արտայայտելու միջոցը: Այս առումով, գրաբարեան դասական հայերէնը չունէր այս թերութիւնը: Այն ինչ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենի

առանձնայատկութիւնն է, որ արժանացած է օտար գիտնականներու բարձր գնահատանքին:

6_ Որովհետեւ՝ Մեսրոպեան գիրերը ստեղծուած են մէկ հնչիւնին մէկ տառ սկզբունքով: Այսինքն՝ բառերուն գրութիւնը համապատասխան է իրենց հնչիւններուն: Այս սկզբունքին հետեւած է գրաբարի հնչիւնական

համակարգին հաւատարիմ մնացած արեւելահայերէնը, պահելով եռաշարք բաղաձայնական համակարգը: Այսինքն հին հայերէնի բաղաձայն հնչիւններու համապատասխան որակները, ուր կարեւոր դեր  ունի տառերուն շնչեղ եւ ոչ շնչեղ հակադրութիւնը:

Ինչպէս՝ բ-պ-փ, գ-կ-ք, դ-տ-թ, ձ-ծ-ց, ջ-ճ-չ :

7_Իսկ արեւմտահայերէնը պահելով միայն երկշարք բաղաձայնական համակարգը բնական է. Որ արեւմտահայերէնի մէջ յառաջանային նմանաձայն, նոյնահունչ տառեր:

Ինչպէս՝ բ-փ, գ-ք, ղ-թ, ձ-ց, ջ-չ, ուր գոյութիւն չունի շնչեղ-ոչ շնչեղի հակադրութիւնը:

8_ Այսպիսի երեւոյթ մը. պատճառ դարձած է աշակերտին մօտ շփոթ ստեղծելու, յաճախ նոյնահնչիւն տառերը կը գրուին մէկը միւսին փոխարէն:

Եւ ոչ միայն դպրոցական աշակերտներ, այլ նոյնիսկ համալսարանաւարտներ, այսօր թոյլ կու տան ուղղագրական մեծ թիւով շեղումներ: Մինչդեռ մանկավարժական տեսակէտէն նպատակայարմար է,

որ աշակերտը դիւրութեամբ կարենայ սորվիլ  ուղղագրութիւնը:  Այդ մասին ժամանակին մատնանշած է ծանօթ մտաւորական, դպրոցական տարիներու

մեր երբեմնի բազմավաստակ ուսուցիչը հանգուցեալ Պրն. Յակոբ Թորոսեան ըսելով, –

«Ամէն աշակերտ կամ գրող հայագէտ չէ, որ բառերը գրէ զանոնք ստուգաբանելով, հարցը բազմաթիւ բառերու ուղղագրութիւնը միտք պահելու եւ անգիր սորվելու մասին է»

9_ Ուստի հիմնաւորելով մեր տեսակէտը կը հասնինք հետեւեալ

եզրակացութեան:

Առաջին, քանի որ դասական հայերէնի գրութիւնը սկզբունքով եղած է հնչիւնական, կը նշանակէ մեր ուղղագրութիւնն ալ պէտք է որդեգրէ աշխսրհաբարի իր արտասանութեան համապատասխանող ուղղագրութիւն:

Երկրորդ, արեւմտահայերէնի նահանջը կանխելու համար, հարկաւոր է նկատի առնել գրական արեւմտահայերէնի կանոնական մակարդակը, զարգացման ուղղուածութիւնը յատուկ բառաձեւերու, կենսունակ բառերու ներկայիս ունեցած գործածութեան ոլորտները, արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակին մէջ:

10_ Մէկ խօսքով, արեւմտահայերէնի քննութիւնը կատարել լեզուաբանական նորագոյն մեթոտներով: Քանզի գրական արեւմտահայերէնի արդի վիճակը յարաբերաբար կը ներկայացնէ բարդ պատկեր մը, քան ինչ որ էր անցնող դարասկզբին: Թեպէտ արեւմտահայերէնը պետական լեզու չէ, բայց ազգային լեզու է:  Արեւմտահայերէնը կը շարունակէ գոյատեւել իբրեւ Սփիւռքահայութեան լեզուահաղորդակցման միջոց:

Ինչո՞ւ արեւմտահայերէնի լեզուական երանգները, քերականական կառուցուածքը ուղղագրութեան բարեշրջումը  չդառնայ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի լեզուաբաններու եւ քերականներու գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան  առարկան…:

Նուարդ Մատոյեան-Տարաքճեան
Ֆէյսպուքեան Էջ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ