Իրենց այս քաղաքը փոխադրուելուն միակ շարժառիթը եղած էր այլոց շարքին, իր ալ ամուսնոյն անգործութեան դատապարտուիլը, որուն հետեւանքը եղաւ, հապճեպ առնուած որոշում մը :

Շուրջ մէկ տարի առաջ, այլեւս սովորական դարձած, ամէն օր նոր գիներով արձանագրուող անհամեմատ սղաճը, պատճառ եղած էր, որ մեծ ընկերութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տասնեակներով, կամ հարիւրաւոր մարդոց գործ կը հայթայթէր, իրենց գործարաններուն փեղկերը վար իջեցնէին վերջնականապէս: Գործաւորները մէկ օրէն միւսը ազատ արձակուեցան, այսինքն մատնուեցան անել կացութեան: Հաւանական տեղեր դիմեցին, նոր գործ մը գտնելու յոյսով, սակայն քիչեր միայն այդ բախտը ունեցան: Ամենայնդէպս, խղճամիտ գործատէրերը իրենց կարելւոյն սահմանին մէջ, որպէս վնասից հատուցում, իւրաքանչիւրին վճարեցին իրենց արդար իրաւունքը:

Այդ գումարը սակայն երկար կեանք չէր կրնար ունենալ եւ սկսաւ արագօրէն շոգիանալ:

Այլեւս վճռական որոշում մը առնելու ժամը հնչած էր: Ամէն օր հոսկէ հոն վազել, դիմումներ ղրկել գործի ընդունուելու համար, դրական ոչ մէկ արդիւնք չէր ունեցած:

Օր մըն ալ թերթին մէջ ծանուցում մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց: Հիւսիսի հեռաւոր մէկ նահանգի արդիւնաբերական ընկերութիւն մը պէտք ունէր փորձառու աշխատաւորներու: Պիտի տրամադրէին ձրի բնակարան եւ լաւ ամսավճար: Մարիօ երկու անգամ չմտածեց. կնոջ հետ խորհրդակցեցաւ եւ որոշեցին, որ նախ ինք երթայ, անձամբ տեսնէ նոր բնակավայրը, եւ եթէ յարմար է ընտանիքն ալ իր քով բերէ:

Մէկ ամիս յետոյ, Սինթիա իր երկու փոքրիկներուն հետ միացաւ ամուսինին: Առաջին օրերուն, տան գործերով տարուած, ժամանակ չունեցաւ աչք մը նետելու չորս դին:

Բայց երբ տեղաւորուեցան եւ դուրս ելաւ, խորունկ յուսախաբութիւն մը պատեց հոգին: Շատ բնական էր այդ առաջին տպաւորութիւնը: Ընդարձակ եւ արդիական մայրաքաղաքէն գալ այս հեռաւոր եւ անհրապոյր քաղաքը, զուարթ հոգեվիճակ պիտի չարթնցնէր: Յաջորդող օրերուն, ամիսներուն առաջին տպաւորութիւնը աւելի շեշտուեցաւ, բայց ձայն չհանեց֊ քաղաքին տեսքը երկրորդական էր. անտեղի վէճեր ստեղծելու եւ մթնոլորտը աւրելու կարիք չկար. պէտք էր դրական կողմը տեսնել եղելութեան: Գէթ հիմա տան վարձք վճարելու պարտաւորութենէն զերծ էին այլեւս: Ամուսինին ամսավճարով տան բոլոր ծախսերը կրնային հոգալ եւ կոկիկ գումար մըն ալ մէկդի դնել:

Օրերը կ’անցնէին. տղաքը կամաց –կամաց կը վարժուէին նոր միջավայրին, դպրոցին, դասընկերներուն: Միայն Սինթիան էր, որ հոգեպէս երկու մասի վարժուած էր. բանականութիւնը իրմէ կը պահանջէր յարմարիլ ներկայ իրավիճակին, իսկ սիրտը իր դռները փակած էր:

Տարի մը յետոյ, երբ կը կարծէր թէ արդէն վարժուած պիտի ըլլար այս նոր բնակատեղիին, զարմանքով եւ նեղսրտութեամբ տեսաւ, որ աւելի շեշտուած էր հիասթափութիւնը. այլեւս դժգոհանքի եւ գանգատի տոպրակի մը վերածուած էր: Իր այս մերժողական կեցուածքը տան մթնոլորտը անշնչելի դարձուցած էր եւ ամուսինը խոյս կուտար իր ներկայութենէն, չլսելու համար ամէնօրեայ գանգատները: Սինթիա իրաւունք ունէր դժգոհելու: Ոչ միայն քաղաքը չէր, որ չէր հրապուրեր զինք, այլ բնակիչները, որոնք տեսակ մը այլամերժ կեցուածք ունէին: Կիները, երբ մօտենար իրենց, կամ գնումի ժամանակ հանդիպէր, քիչ մը կասկածանքով կը նայէին իրեն: Տարօրինակ եւ անբացատրելի մթնոլորտ մը կը տիրէր:

Եթէ Սինթիա գիտնար, թէ որքան ատեն եւս պէտք է հանդուրժէր այս անտանելի եւ վանողական քաղաքն ու ընկերութիւնը: Սակայն ամուսինը համոզուած էր որ ճիշդ որոշում մը առած էր եւ կը պնդէր, որ պէտք է մնային, այնքան ատեն, մինչեւ որ երկրին, կամ գէթ մայրաքաղաքին տնտեսական պայմանները բարելաւուէին եւ իրենք շօշափելի գումար մը ապահոված ըլլային։

Չորս տարին եկաւ անցաւ: Ճիշդ էր նախկին անձուկ վիճակէն փրկուած էին: Սակայն որքան սուղ գին վճարած էին, վճարած էր ինք Սինթիան. ծնողքէն եւ բարեկամներէն հեռու, մինակ, այս օտարամերժ ընկերութեան մէջ:

Օր մը առաջարկեց ամուսինին, որ զաւակներուն հետ ծնողքին այցելութեան երթայ:

– Հիմա աւելորդ ծախս ընելու ժամանակ չէ, – առարկեց ամուսինը: – Քիչ մը եւս սպասէ եւ բոլորս միասին կը վերադառնանք:

Անիկա զզուածէր այլեւս կնոջ հանապազօրեայ բողոքներէն եւ փախչելու համար սկսած էր մի քանի գործընկերներու հետ մօտակայ խեղճուկ սրճարանը երթալ, գարեջուր խմելու: Սկիզբը շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ, սակայն հետզհետէ աւելի յաճախակի սկսան դառնալ այս ելքերը եւ տեղն ալ փոխուեցաւ:

Հիմա կ’երթային աւելի մեծ եւ աւելի ներկայանալի գինետուն-ճաշարան մը, ուր հաճոյակատար կիներ ալ կ’ընկերանային մարդոց: Անշուշտ այս խաւին թոյլատրուած չէր ընտրանիներուն յատուկ զբօսավայրերը յաճախել, իրենց գրպանն ալ չէր ներեր Այս առօրեայ հաճոյքը որ կ’ընդգրկէր, թղթախաղ, քազինօ, գինի, երբեմն կիներ, շատոնց դադրած էր «մոլութիւն» պիտակը կրելէ: Մարդիկ հաշտ աչքով կը դիտէին այս անմեղ զուարճութիւնը:

Մարիօ իր վերաբերմունքն ալ կնոջ հանդէպ զգալիօրէն փոխած էր. նախկին բարեհամբոյր, սիրալիր կեցուածքը չունէր այլեւս. եղած էր դիւրագրգիռ, ջղային, երբեմն կոպտօրէն կը վարուէր, նոյնիսկ զաւակներուն հետ:

Քաղաքին բնակչութիւնը երկու դասակարգի բաժնուած էր.վերնախաւը, որ փոքրամասնութիւն մըն էր թէ՛ իշխանութեամբ եւ թէ՛ նիւթականով տիրապետողներն էին. ապա վարի հատուածը, որ թէեւ թիւով միւսներուն տասնապատիկն էր, սակայն ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր. հլու հնազանդ կ’ենթարկուէր վերի ջոջերուն: Կարծես միջնադարեան աւատապետութիւն (ֆէոտալիզմ) կը տիրէր, ընկերակից ունենալով կաշառակերութիւնը: Նոյն կառավարիչը երբեմն կը վերընտրուէր չորս հինգ անգամ, կամ աւելի. իրեն կը յաջորդէր իր որդին, կամ ընտանիքէն այլ անդամ մը:

Սինթիա լուռ կը տառապէր իր ամուսինին համար, որ ինկած էր փտտած շրջանակի մը մէջ. Բայց վախն ու կասկածը հասան իրենց գագաթնակէտին, երբ յայտնաբերեց ուրիշ գարշելի երեւոյթ մը, որ կը ջանային իբրեւ թէ ծածուկ պահել. փոքրիկներ, պատանիներ նախընտրաբար աղջիկներ կ’առեւանգուէին – ով գիտէ ի՛նչ գռեհիկ կիրքերու յագուրդ տալու համար: Թմրեցուցիչը ազատօրէն կը վաճառուէր, եւ Սինթիա սարսափած կը տեսնէր փողոցներուն անկիւնները անչափահաս պատանիներ, երիտասարդներ, որոնք առանց խպնելու կը ծխէին:

Անիկա մղձաւանջային օրեր կ’ապրէր: Ինչպէ՞ս այս ընկերութիւը չէր գայթակղեր ի տես այս անբարոյական արարքներուն, որոնց զոհերը իրենց զաւակներն էին: Եւ քանի, որ ոստիկանութիւնը եւս ենթարկուած էր վերնախաւի քմահաճոյքներուն, իբրեւ թէ կը հետապնդէր յանցագործները, սակայն պարզ ձեւակերպութիւն մըն էր, որուն փոխարէն մեծ գումարներ կը ստանար։ Մի քանի լրագրողներ, որոնք բացայայտած էին կատարուող ապօրինի եւ վտանգաւոր արարքները, ոճիրները եւ յանդգնած էին այպանել կառավարութիւնը,որ մեղսակից էր այս ոճրագործերուն, անհետացան. Անոնցմէ մէկուն դիակը գտնուեցաւ նկուղի մը մէջ: Քաղաքը կը գտնուէր սահմանակից երեք երկիրներու միացման կէտին վրայ. հետեւաբար անկարելի էր գտնել զոհը, կամ յանցագործը: Դանակը ոսկորին հասած էր Սինթիային համար: Եթէ ամուսինը ինկած էր մոլութեանց տիղմին մէջ, ապա թոյլ պիտի չտար, որ զաւակները զոհ երթային, այս բարոյապէս սնանկացած ընկերութեան եւ կամ իրենք ալ վարակուէին նոյն հիւանդութեամբ:

Առտու մը Սինթիա երկարօրէն խօսեցաւ Մարիոյին հետ եւ պատմեց զինք մտահոգող հարցերուն մասին.ներառեալ իր ամենօրեայ գինետուն յաճախելը, զաւակներուն գէշ օրինակ կը դառնար, իր բիրտ վարմունքով։Ըսաւ նաև որ բոլորովին այլափոխուած էր,անճանաչելի մարդ մը դարձած: Մարիօ լուռ մտիկ կ’ընէր. չուզեց ընդմիջել, որովհետեւ կինը իրաւունք ունէր: հարցը այն էր ինչպէ՞ս դուրս գալ այս ճախճախուտէն: Սինթիան խնդրեց որ վերադառնան այլեւս. հոս մնալը սպառնալիք մըն էր իրենց համար, ամէն օր վախցած եւ անհամբեր կը սպասէր իր զաւակներուն, երբ դպրոցէն ելլէին: Մարիօն խոստացաւ յարմար լուծում մը գտնել:Ամիսները կ’անցնէին, սակայն գործնական քայլի ոչ մէկ նշոյլ։ Սինթիա մի քանի անգամ յիշեցուց ամուսինին վերադառնալու խոստումը: Սակայն վերջին պայմանագիրը ի զօրու էր մինչեւ գալիք տարուան

Դեկտեմբեր ամիսը. ուրեմն ստիպուած էին մնալ։

Ճիշդ յաջորդ շաբաթ իրենց դրացիին աղջիկը, դպրոցէն վերադառնալու ատեն առեւանգուեցաւ: Սինթիա շատ ցնցուեցաւ այս լուրէն: Ի վիճակի չէր այլեւս տարի մը եւս սպասելու: Անիկա պաղատագին խնդրեց Մարիոյէն, որ հեռանան այս դժոխքէն. բայց ամուսինը անդրդուելի մնաց։

Գիշեր մը շատ ուշ վերադարձաւ տուն. այնքան խմած էր, որ հաւասարակշռութիւնը չէր կրնար պահել. կօշիկով, վերարկուով նետուեցաւ թիկնաթոռին վրայ եւ իր խռկոցներով լեցուց ամբողջ տունը: Յաջորդ օրը իր ազատ օրն էր. կանուխ արթննալու հարկ չկար: Կէսօրուան մօտ էր, երբ աչքերը բացաւ, եւ անհանգիստ զգաց. երբ ինզինք տեսաւ այդ ողբալի վիճակին մէջ.բերնէն տակաւին գինիին զզուելի հոտը կու գար: Բայց զարմանալին տան մէջ տիրող լռութիւնն էր:

– Սինթիա, սուրճ մը եփէ խմենք. պատասխանող չկար:

– Սինթիա ու՞ր ես- լռութիւն:

Զաւակները կանչեց, երբ անոնցմէ ալ ձայն չելաւ, գնաց ննջասենեակը ստուգելու. պարապ էր: Իրմէ զատ ոչ ոք կար։ Իրենց ննջասենեակը, լուսամփոփին քով երկտող մը կար:

«Այս քաղաքին մէջ ապրիլը սպառնալիք մը եղած էր մեր զաւակներուն համար: Քեզմէ քանիցս խնդրեցի, որ փորձանք մը չպատահած երթանք այստեղէն, բայց դուն մերժեցիր: Մենք այսօր մայրաքաղաք կը վերադառնանք: Եթէ միտքդ փոխես, եկուր, այլապէս… վերջակէտ դնենք:

Կարծես Մարիոյին վրայ դոյլ մը պաղ ջուր թափեցին. չէր կրնար մտքին ծայրէն իսկ անցնել, որ Սինթիան ի վիճակի պիտի ըլլար նման յանդուգն եւ վճռական քայլ մը առնելու. ինք որ ընտանեկան սրբութիւնը պաշտող կին մըն էր: Այս կատարուած անակնկալ իրողութեան առջեւ շփոթած էր, չէր գիտեր ի՛նչ ընել:

Սկիզբը ուրախացաւ. վերջապէս հիմա ազատ պիտի ըլլար ուզած ժամուն գալու, առանց յանցաւոր զգալու, կամ հաշուետու ըլլալու ոեւէ մէկուն:

Բայց այդ ուրախութիւնը կարճատեւ եղաւ:

Տունը պարապ, դադրեցաւ իր տունը ըլլալէ. լռութիւնը, լքուածութիւնը, թափթփածութիւնը, խոհանոցին մէջ իրարու վրայ դիզուած աղտոտ պնակները, զզուելի պատկերներ էին. ընտանիքի իւրայատուկ անուշ բոյրը կը պակսէր, կնոջ եւ զաւակներուն բացակայութիւնը շատ ծանր կը կշռէր իր վրայ:

Դադրեցաւ իր գործակիցներուն հետ գիշերները դուրս ելլելէ. երբ կինը այնքան աղաչած էր որ վերջ տար այդ սովորութեան եւ ընտանեօք միասին ընթրէին:

Հիմա գործէն տուն գալու ատեն իր հետ կը բերէր գնուած կերակուր մը, երբեմն կը փորձէր ինք ալ բաներ մը պատրաստել։ Սկսաւ տունը մաքրել, կարգի դնել, բայց մինակութիւնը անտանելի էր: Ուշ անդրադարձաւ իր գործած սխալին, որ շատ սուղ արժած էր իրեն. իր ունեցած բարիքը չէր գիտցած գնահատել, ենթադրելով որ ատիկա իրեն անձեռնմխելի իրաւունքն էր։ Եւ ահաւասիկ միս-մինակ, կը նստէր հեռատեսիլի ձանձրացուցիչ եւ տափակ յայտագիրները դիտելու:

Երբեմն ինք իրեն հարց կուտար, թէ ինչո՞ւ չէր երթար միւս գործաւորներուն հետ խմելու, զուարճանալու: Այլեւս հաճոյք չէր առներ անոնցմէ եւ նոյն բաները կրկնելէ. կարծես սթափած էր եւ նախկին Մարիօն վերադարձած էր:

Անելի մատնուսծ էր. ի՞նչ ընել: Եթէ գործը ձգէր, աշխատավարձը պիտի կորսնցնէր: Բայց այս անհանդուրժելի կացութեան ալ պէտք է վերջ տրուէր։

Արդէն հինգ ամիս անցած էր կնոջ մեկնումին: Ըստ երեւոյթին այս պատիժին արժանի էր, որպէսզի ինքզինք վերագտնէր: Այդ շաբաթավերջը երկար մտածեց իր ընելիքին մասին. հազիւ ստանար ամսավճարը պիտի մեկնէր: Ճամբու տոմսը ապահոված էր. սակայն երկու շաբաթ պէտք է սպասեր։

Այդ օր, կանուխէն արդէն օթօպիւսին մէջ տեղաւորուուած էր. տասներկու ժամուան երկար ճամբորդութիւն մըն էր: Մութ էր արդէն երբ հասաւ մայրաքաղաք։ Կէս ժամ յետոյ, անձկալից իրենց դրան զանգը զարկաւ. սպասեց բայց դուռը չբացուեցաւ. կ’երեւի դուրս ելած են, մտածեց: Սանդուխներուն վրայ նստաւ սպասելու. ճամպրուկը քովը առած: Այնքան յոգնած էր.որ քնացած մնաց :

Յանկարծ,

– Պապա՛, պապա՛- պոռչտուքէն աչքերը բացաւ. զաւակները իրեն փաթթուած համբոյրներով կը ծածկէին իր երեսը- ինք թէ՛ ուրախ էր եւ թէ՛ յուզուած: Սինթիան մեղմ ժպիտով զինք կը դիտէր. մօտեցաւ եւ երկարօրէն համբուրեց իր մէկ հատիկ Մարիօն, որ իր միակ սէրը եղած էր։։

Տուն վերադառնալու եւ սիրելիներուն միանալու անհուն երջանկութիւնը։

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

Ֆէյսպուքեան Էջ

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ