
Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն նուիրուած համերգի մը պահերուն
Կը գտնուիմ Ֆրանսայի Րոման Սիւր Իզէր գողտրիկ քաղաքի՝ կօշիկի թանգարանի պարտէզներուն մէջ։ Այս երեկոյ, 23 օգոստոսին, ունկնդրեցի աննախընթաց համերգ մը՝ յուշ երեկոյի մը ընթացքին։
Հպարտանքի եւ յարգանքի առիթը ընծայեցին աշխարհահռչակ տաղանդաւոր երաժիշտներ՝ թորոնթոհայ Սերուժ Գրաճեանն եւ ֆրանսահայ Աստղիկ Սիրանոսեանը։
Այս համերգը, որ նուիրուած էր Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն, արտասովոր էր եւ բացառիկ․ արտասովոր՝ իր գաղափարով եւ մատուցման կերպով․ արդարեւ՝ դաշնամուրի հնչիւններուն կ’ընկերակցէր ասմունք, զոր կը պատմէր ասմունքող դերասան Օլիվիէ Մարդինոն, իսկ Սերուժ Գրաճեանը՝ իր հրաշալի տաղանդով, մեզ կը փոխադրէր հեռաւոր ափեր՝ հանդիսանալով որպէս Մանուշեանի ձայնը։ Հայերէնով կ’արտասանէր․ «Ծնած եմ Ատիեաման», ապա կը նկարագրէր Միսաք Մանուշեանի մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները Լիբանան, որմէ ետք կը պատմէր ժամանումը Ֆրանսա։
Երաժշտական կատարումները կարծես դարձած էին հարուստ պատմութեան գիրք մը, ուր կարելի էր կարդալ արդի հայ պատմութենէն հատուածներ։ Միսաքի ծննդավայրը կը պատկերէր «Կիլիկիա» երգի մշակումը դաշնամուրի համար, ապա Լիբանանը կ’ընդունէր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ որբ գաղթական Միսաքը՝ արաբերէն «Պնդ ըլ Շալապիա» երգով, իսկոյն կը բացուէր Ֆրանսա ժամանման պարբերութիւնը «Քնքուշ Ֆրանսա – Douce France»` Շարլ Դրենէի երգի եղանակով։ Գիրքին գլուխները հեզասահ անցումներով կը յառաջանային Մանուշեանի բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն, որ լոկ իր կեանքը չէր պատմէր, այլեւ պատերազմի դժուար տարիներու ֆրանսահայ գաղութի կեանքը։ Կ’ունկնդրենք բարօր օրերու ձգտող աշխատասէր հայ դերձակուհիներու մասին բանաստեղծութիւնը եւ յաջողութեան տիպար հանդիսացող Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին մասին վկայութիւններ։
Այս երեւակայական գիրքի գլուխներու ամենէն նշանակալիցներէն էր Միսաք Մանուշեանի ու Մելինէին առաջին հանդիպումը՝ Կապոյտ խաչի (ՀՕՄ) պարահանդէսին։ Այս հատուածը Աստղիկին բեմադրութեամբ՝ հանդիսատեսին փոխանցեց նշանաւոր հիւմորիստ, երգիծական ասմունքող Սանտրին Լարոշ։
Իւրաքանչիւր հատուածին չքնաղ փայլք կու տային դաշնամուրի բիւրեղ հնչիւնները։ Սերուժը ոչ միայն դաշնակահար է, այլ՝ այնպիսի նրբութեամբ վերամշակած է Ազնաւուրի եւ այլ յայտնի երգեր, որոնց, իր կատարումի ընթացքին, իմ կողքիս հանդիսատեսները կ’ընկերակցէին մեղմաձայն երգելով։
Եկաւ վիպական հմայիչ պահ մը․ «Միսաք եւ Մելինէ» թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար Աստղիկ Սիրանոսեանի եւ Սերուժ Գրաճեանի ստեղծագործութիւնը առաջին անգամ կատարուեցաւ այդ օր։ Հմայիչ ռոմանս մըն էր, կար թախիծ եւ կար սէր։ Սէր մը հզօր՝ որ պիտի ապրէր յաւերժ Մելինէի սրտին մէջ։ Միսաքի մահէն ետք, Մելինէն չկրցաւ մոռացութեան յանձնել այս սէրը․․․ անկարելի էր այդ վեհ զգացումը եւ իր անմոռաց սիրելիին յիշատակը ջնջել։
Նոյնն էր Միսաքը, որ բանտարկուեցաւ որպէս ընդդիմադիր եւ դատապարտուեցաւ մահուան դատավճիռի։ Մելինէին ուղղուած՝ իր վերջին յուզիչ նամակը կարդաց Մելինէին եղբօր թոռնուհին՝ Քաթիա Կիրակոսեան։ Ողբերգական մահուընէ քանի մը օր առաջ արդէն հրաժեշտի տողերը կը խոստանային սիրոյ յաւերժութիւն, կը բուրէին քաջութիւն եւ կ’արտացոլէին մեծ սկզբունքի համար պայքարող հոգիի մը պատկերը։
Բացառիկ էր այս համերգը, որովհետեւ, ունէր պատգամ, ունէր պատմութիւն եւ ունէր ապագայի մասին տեսլական։
Այսօր, երբ քանի մը շաբաթներ ետք, կը վերյիշեմ այդ պահերը, մեծ յարգանքով կը լեցուիմ Ֆրանսայի ազգային հերոսներ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններուն յիշատակին առջեւ եւ հպարտութիւն կ’ապրիմ, որովհետեւ անոնք անմահացան պատուով, եւ փետրուար 2024-ին արժանացան մեծ շուքով մուտք գործելու Ֆրանսայի Ազգային պանթէոն։
Նոյնքան եւ աւելի հպարտութիւն կ’ապրիմ` տեսնելով երիտասարդ հայուհիի մը մտայղացումը աննախընթաց այս յուշ երեկոն մատուցելու հանրածանօթ դարձած եւ իր իսկ տնօրինած «լէ Միւզիքատ» Ֆեստիվալին՝ ձգտելով բանաստեղծ hերոս Մանուշեանին յիշատակը բանաստեղծա-երաժշտական բարձրորակ համերգով մը հրամցնել։ Այսպիսով` փաստ է, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներ Աստղիկը եւ Սերուժը արժանի զաւակներն են արուեստով պայքարող վերապրող հայ ազգին։
Նայիրի Քէշիշեան Խաչերեան
Թորոնթոհայ ամսագիր
Հոկտեմբեր 2024







Մեկնաբանէ