27Սեպտեմբեր 2024ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6։00ին, իսրայէլեան օդանաւերը աննախընթաց ծաւալի յարձակում գործեցին Պէյրութի հարաւային արուարձան Հարէթ Հըրէյքի վրայ եւ մասնագէտներու գնահատումով աւելի քան 80 թոն ռումբերով հիմնայատակ քանդեցին վեց բնակելի շէնքեր։ Այս յարձակման թիրախը Լիբանանի Հըզպալլահ կուսակցութեան առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլահն էր։ Յաջորդ օրը, կուսակցութիւնը պաշտօնապէս գուժեց իր առաջնորդին մահը։

Նասրալլահ կուսակցութեան ղեկը ստանձնած էր 1992ին, յաջորդելով Մուսսաուիի, որ նոյնպէս սպաննուած էր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ։ Նասրալլահ յաջողեցաւ Հըզպալլահը վերածել մարտունակ դիմադրութեան, որուն հարուածներուն տակ, Իսրայէլ 2000 Մայիսին առանց նախապայմաններու հեռացաւ Լիբանանէն։ Իսկ 2006 33օրեայ պատերազմը, որ շղթայազերծուեցաւ Իսրայէլի կողմէ, նոյնինքն Հըզպալլահի դէմ, աւարտեցաւ անոր պարտութեամբ։ Արաբ-Իսրայէլեան հակամարտութեան եւ պատերազմներու պատմութեան մէջ, Իսրայէլ առաջին անգամ ըլլալով պարտութիւն կրեց, այդ ալ ոչ օրինական բանակէ մը՝ այլ դիմադրութեան շարժումէ մը որ կը ղեկավարէր Նասրալլահը։

Անցեալ տարի, Կազայի դէմ սկսած պատերազմի յաջորդ օրն իսկ Հըզպալլահ բացաւ լիբանանեան ճակատը, թէեւ սահմանափակ տարողութեամբ, նպատակ ունենալով իսրայէլեան ճնշումը թեթեւցնել Կազայի վրայ։ 

Վերջին երկու ամիսներուն դէպքերը սկսան գահավիժիլ ի վնաս անոր։ Իրանի նախագահի սպանութենէն ետք, Իսրայէլի կողմէ կուսակցութեան զինուորական ղեկավարներու սպանութիւն մը ծայր առաւ որ իր գագաթնակէտին հասաւ Սեպտեմբերի երկրորդ կէսին, երբ տասնեակներով ղեկավարներ, տարբեր վայրերու մէջ սպաննուեցան իսրայէլի կողմէ։ Իսկ Նասրալլահի սպանութիւնը այդ շարքին ամէնամեծ գործողութիւնն էր։

Նասրալլահի սպանութեան շուրջ բարձրացած մեկնաբանութիւններու ալիքը տակաւին կը շարունակուի, թէ միջազգային, թէ արաբական եւ թէ մանաւանդ լիբանանեան մամուլի մէջ։ Անոր դերակատարութիւնը այնքան մեծ էր վերջին 15-20 տարիներուն, որ բոլորն ալ կը գիտակցին թէ ոչ միայն Լիբանան, այլեւ Միջին Արեւելքը կը գտնուի նոր հանգրուանի մը սեմին։ Զուգադիպութի՞ւն էր որ Նասրալլահի սպանութենէն վայրկեաններ առաջ Նաթանիահուի արտասանած ճառը ՄԱԿ-ի ամբիոնէն, ուր ան ցոյց կու տար Միջին Արեւելքի նոր քարտէզ։ Այն որ նոր Միջին Արեւելք ծրագիր մը գոյութիւն ունէր տակաւին 2006ին, որ ձախողեցաւ Հըզպալլահի յաղթանակին շնորհիւ, արդեօ՞ք կրկին սեղանի վրայ պիտի դրուի։ Նասրալլահը եւ կուսակցութեան զինուորակն թեւը գլխատողները կը հաւատան թէ այդ ծրագիրը ձախողութեան մատնող ուժը արդէն կրնան չէզոքացնել։ Արդէն կը խօսուի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ ցամաքային պատերազմի մասին, որուն ելքը կրնայ վճռորոշ դառնալ ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար։

Վերադառնալով Նասրալլահի անձին, ապա պէտք է ընդգծել որ ան իսկական ղեկավարի յատկանիշներով օժտուած էր։ Անոր ճառերը ոչ միայն իր համակիրները կամ լիբանանցիները, այլեւ զինք չսիրողները եւ մինչեւ անգամ իսրայէլցիք կ՛ունկնդէին։ Ան հոգով, սրտով եւ մտքով հաւատացողն էր այն դատին, որուն համար կը պայքարէր եւ որուն համար ալ զոհուեցաւ։ Շատ-շատեր կը փորձեն զուգահեռներ տեսնել անոր եւ Եգիպտոսի երբեմնի նախագահ Նասըրի միջեւ։ Նասրալլահ վստահութեան եւ յոյսի աղբիւր էր թէ լիբանանցիներուն, թէ պաղեստինցիներուն եւ թէ արաբական աշխարհի ժողովրդական խաւերուն։ Այսօր Լիբանանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, որոնց մէջ նաեւ Նասրալլահի ընդդիմադիրները, անապահովութեան զգացում ունին, ի տես իսրայէլեան վայրագութիւններուն։

Դժբախտաբար, արաբական երկիրներու ղեկավարները չկրցան կամ չուզեցին օգտուիլ Նասրալլահի ուժի եւ ինքնավստահութեան կարողականութենէն, չփորձեցին զայն յաղթական խաղաթուղթի վերածել արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծման մէջ։ Աւելին, անոնք հալածեցին զայն տարբեր որակումներով։

Թէ Լիբանան եւ թէ առհասարակ արաբական աշխարհը տասնամեակներ, թերեւս հարիւրամեակներ սպասէ նոր Նասրալլահի մը ծնունդը տեսնելու համար։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ