Պարտասուն
ածական
Յոգնած, խոնջած, խոնջ, յոգնաբեկ, վաստակաբեկ, ուժասպառ, ուժաբեկ, ուժահատ, ուժակորոյս, ուժատ, ուժաքամ, ուժազուրկ, անուժ, անզօր, թոյլ, տկար, անկար, անկարող, կթոտ, սմքած, ապազօր, ուժահար, վաստակաբեկ, վատուժ, տզօր, աղկաղկ:
Օրինակ-
“Ու գրգանքիս կանչէի
ուղեւորներ պարտասուն,
ու բարեւի մը փոխան
հազար բարիք ես տայի։” (Միսաք Մեծարենց, “Հիւղը”)







