ՄԵՐ ԵՐԹԸ

ԱԶԳ21-ը նոր ճամբայ կ՛ելլէ, նոր ճամբայ բանալու առաջադրանքով։

Վերջին տարիներուն հայ կեանքը վերիվայրումներ ապրեցաւ եւ կը շարունակէ ապրիլ։ 1994ին, Արցախեան յաղթական պատերազմէն ետք, փոխանակ կազմակերպուելու եւ պատրաստուելու քաղաքական նոր ցնցումներու, ազգովին տարուեցանք մանրուքներով եւ գալիք փոթորկին անպատրաստ գտնուեցանք։ Հետեւանքը եղաւ 2020ի Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութիւնը եւ 2023ին անոր ամբողջական հայաթափումը։

Վերջին երեսուն տարիներուն նահանջի մէջ է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով մեր պայքարը եւ մեր արդար պահանջատիրութեան մասին արդէն քիչեր կը խօսին։ Հայաստանի անկախացումով կ՛ենթադրուէր որ հայրենի իշխանութիւնները կրնան նոր որակ տալ հայ-թրքական հարցին, սակայն այդպէս չեղաւ։ Դժբախտաբար։

Նահանջի մէջ է նաեւ սփիւռքի կեանքը։ Որքան ալ որ փորձեր կը կատարուին զայն վարդագոյն ներկայացնելու, հայկականութիւնը ամէն տեղ կը նահանջէ։ Համաշխարհայնացումը եւ տեղական մշակոյթներուն յարմարուիլն ու ուծացումը կ՛ընթանան արագ քայլերով։

Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական իրավիճակը այդքան ալ փայլուն չէ։ Տակաւին չենք խօսիր երկիրի ապահովութեան մասին, երբ թշնամի-հարեւան Ատրպէյճանը մնայուն սպառնալիքներ կը հնչեցնէ։ Երկիրի ներքաղաքական կեանքը տակաւին չէ խաղաղած եւ միշտ ենթակայ է ցնցումներու։ Բացայայտ է որ արտաքին ուժեր առաւելագոյնս կ՛օգտագործեն այս հանգամանքը, անկայունութիւնը դարձնելով առօրեայ կեանք, որու հետեւանքով տնտեսական կեանքը կը յայտնուի լճացման մէջ։

Այլ խօսքով՝ հայութեան կեանքը համընդհանուր պրիսմակէ դիտուած վարդագոյն չէ։ Այս բոլոր յոռետեսական գործօններուն դիմաց անճրկած կը թուին ըլլալ նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները եւ քաղաքական ուժերը։ Դժբախտաբար, լրատուական դաշտը գտնուելով քաղաքական ուժերու ազդեցութեան տակ, կը ծառայէ մեր ժողովուրդը ապակողմնորոշելու եւ քաղաքական յստակ նպատակներու բացակայութիւնը դարձած է գերիշխող, տուրք տալով նշանախօսքերու եւ զգացական հայրենասիրութեան։ Շատ քիչ են այն խմբաւորումները, որոնք վերահասու վտանգներուն ի տես կը փորձեն խաւարին մէջ մոմ մը վառել։

Մենք ալ մեր հերթին, պիտի փորձենք վեր հանել հայութեան խնդիրները, կատարել ճշգրիտ ախտորոշումներ եւ լուծման պատկերացումներ առաջարկել եւ կամ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Այս նպատակին հասնելու համար, ահաւասիկ տեղ պիտի տանք տարբեր կարծիքներու, տեսակէտներու եւ մտածողութիւններու, որոնք հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ճշգրիտ բնորոշում կու տան եւ լուծումներ կ՛առաջարկեն։ Կը հաւատանք որ ճշմարտութիւնը ոչ ոքի սեփականութիւնն է։ Հակադիր տեսակէտներ, իրարամերժ ուղղութիւնները օգտակար են այնքան ժամանակ, որ կը ծառայեն ազգը թարմացնելու, անոր կենսունակութիւնը ապահովելու եւ մշակութային ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու։ Միաւորուելու մէկ գաղափար ունի հայ մարդը՝ ձգտիլ հայութեան բարօրութեան եւ Հայաստանի պետականութեան յաւերժացման։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ