Մեր Մասին
ԱԶԳ21 կայքէջը ճամբայ կ՛ելլէ նպատակ ունենալով Հայասռանի թէ սփիւռքի հայութեան մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ բերելու, քննարկումներ առիթ տալու, հակադիր տեսակէտներ մէկտեղելու եւ լուծումներ որոնելու հայութեան հետ առընչուող բոլոր տեսակի խնդիրներուն։
Կայքէջը մէկ եւ միակ տեսակէտի մը հարթակը պիտի չըլլայ։ Այս իմաստով անոր կրնան աշխատակցիլ ամէն ոք, անկախ իրենց քաղաքական, կուսակցական կամ այլ համոզումներուն։
Քաղաքականօրէն անկախ ըլլալով, տեղ պիտի տրուին բոլոր հրապարակագրութիւններուն, որոնք մասնագիտական եւ առարկայական քննարկումներ կը կատարեն։
Կայքէջը ունի նաեւ անգլերէն բաժին։ Ինչպէս նաեւ մեզի կրնաք հետեւիլ ընկերային ցանցերու (ֆէյսպուք, ինստակրամ) եւ թելեկրամեան մեր ալիքին միջոցով։
Լիայոյս ենք որ մեր ժողովուրդի համար այս դժուար ժամանակահատուածին, մեր լուման կը բերենք ի նպաստ անոր գոյատեւման եւ զարգացման։
Լրատուական բաժին ունենալով հանդերձ, ան սովորական լրատուական կայքէջ մը չէ, այլ անոր հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ զարկ տալ հրապարակագրութեան միջոցով, գիտականօրէն հայ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել մեր խնդիրներուն էութիւնը։ Մեր կիզակէտը ամբողջ հայ ժողովուրդն է, առանց աշխարհագրական բաժանումներու։ Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։






